Ֆրանչիսկեան նահատակները Փերուի մէջ․ 35 տարի ետք, հաւատարմութեան վկայութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
9 օգոստոս 1991-ին, Փերուի մէջ, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կրօնաւորներ Միխալ Թոմաշէքը եւ Զպիկնեւ Ստրժալքովսքին սպաննուեցան «Սենտերօ Լումինոսօ» մաոյական շարժումի ահաբեկիչներուն կողմէ, որոնք տարիներ շարունակ ահ ու սարսափ տարածած էին երկրի գիւղական շրջաններուն մէջ։
Իրենց մահէն 35 տարի ետք, անոնց վկայութիւնը կը շարունակէ հիւսուիլ իբրեւ հաւատքի, քաջութեան եւ ամենէն աղքատներուն կողքին ըլլալու օրինակ։
Լեհ երկու այս միսիոնարները Փերու հասած էին 1988-ին, իրենց միաբանակից Եարոսլաւ Վիսոչանսքիի հետ։ Անոնք ղրկուած էին Անտերու մեկուսացուած համայնքներ, ուր նուիրուեցան Աւետարանի քարոզութեան եւ, միաժամանակ, բնակչութեան գործնական կարիքներուն՝ դպրոցներ, ճամբաներ, ջրանցքներ, ինչպէս նաեւ օգնութիւն՝ աղքատութենէն, երաշտէն եւ քոլերայի համաճարակէն տառապողներուն։
Իրենց առաքելութիւնը ընթացաւ Փերուի ժամանակակից պատմութեան ամենէն բռնի շրջաններէն մէկուն ընթացքին։ Հակառակ սպառնալիքներուն եւ ահաբեկչական արարքներուն, երեք կրօնաւորները գիտակցաբար որոշեցին մնալ բնակչութեան կողքին։ «Բարի հովիւը չի լքեր իր հօտը, երբ վտանգը հասնի», հաստատած է հայր Վիսոչանսքին։
9 օգոստոս 1991-ի երեկոյեան, Թոմաշէքն ու Ստրժալքովսքին առեւանգուեցան եւ ապա սպաննուեցան Փարիաքոթոյի մէջ։ Քանի մը օր ետք սպաննուեցաւ նաեւ իտալացի քահանայ Ալեսանտրօ Թորթին։ Երեքն ալ միասին երանելի հռչակուեցան 2015-ին, իբրեւ նահատակներ, որոնք սպաննուեցան «ի հակառակութիւն հաւատքի» (in odio fidei)։
Ըստ Վիսոչանսքիի, երկու կրօնաւորներուն ուժը չէր բխեր հերոսութեան ձգտումէն, այլ աղօթքէն եւ Քրիստոսի հետ իրենց ունեցած կապէն։ Իրենց ընտրութիւնն էր մնալ ժողովուրդին հետ ոչ միայն խաղաղ պահերուն, այլ մանաւանդ այն ատեն, երբ վախն ու բռնութիւնը աւելի անհրաժեշտ կը դարձնէին իրենց աջակցութիւնը։
35 տարի անց, իրենց կեանքի պատգամը կարելի է ամփոփել մէկ բառով՝ հաւատարմութիւն։ Սէրէն ծնած հաւատարմութիւն մը, որ ընդունակ է մնալու ուրիշներուն կողքին, նոյնիսկ երբ անիկայ զոհողութիւն եւ վտանգ կը պահանջէ։
Երկու նահատակներուն վկայութիւնը կը շարունակուի այսօր հայր Վիսոչանսքիի միջոցաւ, որ իր քահանայական ծառայութիւնը կը տանի Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի սահմանին վրայ գտնուող գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն մօտ։ Իրեն համար, ամենէն տկարներուն ծառայելը նոյն ինքն Աւետարանի շարունակութիւնն է, որ ապրեցաւ Փերուի մէջ իր եղբայրներուն հետ միասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.