Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբանանի մէջ միջ կրօնական հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբանանի մէջ միջ կրօնական հանդիպումի ընթացքին   (ANSA)

Միջկրօնական երկխօսութիւնը՝ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ճանապարհ

Մահմետական փիլիսոփայ Ղալէպ Պեն Շէյխ ընդգծած է, որ միջկրօնական երկխօսութիւնը խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կարեւոր միջոց է, իսկ կրթութիւնը՝ կրօնական ու մշակութային բազմազանութիւնը փոխադարձ հարստացման վերածելու հիմնական ճանապարհը։ Ան դատապարտած է բռնութեան «սրբացումը»՝ շեշտելով, որ բոլոր կրօնական աւանդութիւններու հիմքին պէտք է ըլլայ մարդկային կեանքի յարգանքը, քանի որ կեանքը աստուածային պարգեւ է, ոչ թէ բռնութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսայի իսլամական հիմնադրամի նախագահ, մահմետական փիլիսոփայ Ղալէպ Պեն Շէյխ շեշտած է, որ միջկրօնական երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ փոխադարձ հարստացման եւ խաղաղութեան միջոց՝ յատկապէս այնպիսի հասարակութիւններու մէջ, ուր կան բաժանումներ եւ կրօնական ծայրայեղութեան հետեւանքով բռնութեան վտանգներ։ Ան այս շեշտադրումը կատարած է Լեւոն ԺԴ. Պապի Ֆրանսա կատարելիք առաքելական այցելութեան նախօրեակին, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը Սեպտեմբեր 28-ին Մեց քաղաքին մէջ պիտի նախագահէ միջկրօնական հանդիպում մը։

Պեն Շէյխի համաձայն՝ մնայուն խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն մարդկային կեանքի հանդէպ յարգանքի, սիրոյ, բարութեան եւ ողորմութեան վրայ հիմնուած իրական ներքին դարձի միջոցով։ Ան կարեւոր դեր վերապահած է կրթութեան, յատկապէս երիտասարդ սերունդներու դաստիարակութեան, որպէսզի կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը չդառնայ հանդիպումը խոչընդոտող պատնէշ, այլ փոխադարձ հարստացման առիթ։

Փիլիսոփան նաեւ խստօրէն դատապարտած է բռնութեան «սրբացումը»՝ ընդգծելով, որ մարդիկ երբեմն կրօնական լեզու կը գործածեն իրենց իշխանատենչութիւնը եւ բռնութիւնը արդարացնելու համար։ Ան շեշտած է, որ կրօնական աւանդութիւնները չեն կրնար խեղաթիւրուիլ՝ կեանքի հանդէպ անհարգալից վերաբերմունքով, քանի որ կեանքը աստուածային պարգեւ է, որ պէտք է սրբագործել, եւ ոչ թէ բռնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 13:36