Որոնել

2020.01.10 Battesimo di Gesù

Յորդանան. Նախապատրաստութիւններ՝ Քրիստոսի Մկրտութեան 2000-ամեակի տօնակատարութիւններուն համար

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ին, Յորդանանի վարչապետ Ճաֆար Հասան նախագահեց ազգային յանձնախումբի առաջին նիստը, որուն վստահուած է պատմական ու կրօնական այս կարեւոր իրադարձութեան նախապատրաստութիւնը եւ վերահսկողութիւնը։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն կառավարութեան անդամներ, քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ եւ պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յորդանանի մէջ սկսած են 2030-ին նախատեսուած՝ Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան 2000-ամեակի մեծ տօնակատարութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները։

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ին, Յորդանանի վարչապետ Ճաֆար Հասան նախագահեց ազգային յանձնախումբի առաջին նիստը, որուն վստահուած է պատմական ու կրօնական այս կարեւոր իրադարձութեան նախապատրաստութիւնը եւ վերահսկողութիւնը։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն կառավարութեան անդամներ, քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ եւ պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Վարչապետ Հասան ընդգծեց, որ նախապատրաստութիւնները պէտք է ընթանան թագաւոր Ապտալլահ Բ.-ի ցուցմունքներուն համաձայն՝ յստակ ծրագիրով եւ ժամանակացոյցով։ Ան շեշտեց Յորդանանի պատմական եւ կրօնական նշանակութիւնը՝ որպէս քրիստոնէական ուխտագնացութեան միջազգային կարեւոր կեդրոն, ինչպէս նաեւ երկրի՝ համակեցութեան, խաղաղութեան, յարգանքի եւ եղբայրութեան պատգամը։

2030-ի տօնակատարութիւններուն առիթով նախատեսուած են նաեւ շարք մը խոշոր ծրագիրներ՝ ներառեալ ուխտաւորներու եւ այցելուներու համար գիւղի մը, Քրիստոսի Մկրտութեան նուիրուած թանգարանի մը, կանաչ միջանցքի մը ստեղծումը եւ Մկրտութեան վայրի ենթակառոյցներու զարգացումը։

Նախատեսուած է նաեւ մասնագիտացած ենթայանձնախումբերու կազմութիւն՝ ծրագիրներու իրականացումը վերահսկելու եւ անհրաժեշտ մասնագիտական աջակցութիւնը ապահովելու համար։

Այս նախաձեռնութեամբ Յորդանան կը պատրաստուի 2030-ին ընդունելու բազմաթիւ քրիստոնեայ ուխտաւորներ՝ ընդգծելով Յորդանան գետի Մկրտութեան վայրին պատմական եւ հոգեւոր կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 09:42