Որոնել

Սրբուհի Քիարան Սրբուհի Քիարան 

Սրբուհի Քիարան` Աղքատ՝ ըստ իր ընտրութեան, Ֆրանչեսքոյի քայլերով

Այսօր ` 11 օգոստոսին, Լատին եկեղեցին կը տօն Քլարիսներու միաբանութեան հիմնադիր Սրբուհի Քիարային ծիսական տօնը։ Ան ծնած էր 1193-ին, Իտալիոյ Ասսիզի քաղաքին մէջ, ազնուական, հարուստ եւ շատ առաքինի ծնողներէ։ Իր մահկանացուն կնքած է 12 Օգոստոս 1253-ին։ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը զինք դասած է Սուրբերու շարքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

11 Օգոստոսին Լատին Եկեղեցին կը նշէ Քլարիսներու միաբանութեան հիմնադիր Սրբուհի Քիարա Ասիզեցիի տօնը։ Ան այն կիներէն է, որոնք իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքով վկայեցին, թէ ճշմարիտ ազատութիւնը կրնայ ծնիլ ոչ թէ հարստութենէն, այլ Աստուծոյ ամբողջական նուիրումէն։

Քիարան ծնած է 1193-ին, Ասիզիի մէջ, ազնուական եւ հարուստ ընտանիքի մը մէջ։ Սակայն երիտասարդ տարիքէն ան իր սիրտը բացած էր Աստուծոյ կանչին եւ սկսած էր փափաքիլ այնպիսի կեանք մը, որ հիմնուած ըլլար պարզութեան, աղքատութեան եւ աղօթքի վրայ։

Ֆրանչեսքոյի օրինակով

Քիարայի կեանքի վճռական պահերէն մէկը եղաւ Ֆրանչեսքօ Ասիզեցիի հանդիպումը եւ անոր վկայութիւնը։ Ֆրանչեսքօ, հրաժարելով իր ընտանիքի հարստութենէն, ընտրած էր «Տիրուհի Աղքատութիւնը» եւ ամբողջովին նուիրուած էր Աւետարանին։

1211-ի Ծաղկազարդի Կիրակին, 18-ամեայ Քիարան որոշեց հետեւիլ նոյն ճանապարհին։ Ընտանիքին կամքին հակառակ՝ ան հեռացաւ տունէն եւ Փորցիունքոլայի մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանչեսքոյի։ Ան կտրեց Քիարայի մազերը եւ անոր հագցուց պարզ, կոշտ բուրդէ հագուստ մը։ Քիարան այնուհետեւ ապաստան գտաւ Պենետիկտեան վանքի մը մէջ։

Այս որոշումը ամբողջովին փոխեց իր կեանքը։ Ան այլեւս չէր փնտռեր աշխարհիկ ապահովութիւն, այլ՝ Աստուծոյ մէջ գտած ազատութիւնը։

«Աղքատ տիկիններու» համայնքը

Քիարայի հոգեւոր վկայութիւնը շուտով ուրիշ կիներ ալ ներշնչեց։ Անոնց շարքին էին իր մայրը եւ քոյրերը։ Ֆրանչեսքօ այս խումբը կոչեց «Աղքատ տիկիններ», իսկ անոնց համար տրամադրեց Սան Տամիանոյի փոքր վանքը։

Այստեղ Քիարան եւ իր քոյրերը ապրեցան աղօթքով, պարզութեամբ եւ Աւետարանի պատգամին հաւատարմութեամբ։ Քիարայի եւ Ֆրանչեսքոյի միջեւ հաստատուած էր խոր հոգեւոր հաղորդութիւն մը։ Երկուքն ալ նոյն իտէալը կը հետապնդէին՝ ապրիլ Քրիստոսի Աւետարանին համաձայն եւ ամբողջական վստահութեամբ Աստուծոյ հանդէպ։

Առաջին կինը, որ իր միաբանութեան Կանոնագիրքը գրեց

Քիարան եղաւ առաջին կինը, որ իր կրօնական համայնքին համար Կանոնագիրք պատրաստեց։ Ան վճռականօրէն պաշտպանեց այն սկզբունքը, որ իր քոյրերը պէտք է կարենան ապրիլ առանց անձնական սեփականութեան եւ հաւատարիմ մնալ Աւետարանի աղքատութեան։

1253-ին Հռոմի Պապ Իննովկենտիոս Դ. հաստատեց Քիարայի Կանոնագիրքը՝ ճանչնալով անոր «աղքատութեան արտօնութիւնը» եւ Աւետարանին հետեւելու խոր փափաքը։

Աղօթքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան կեանք

Քիարայի կեանքի վերջին շուրջ երեսուն տարիները նշանաւորուեցան հիւանդութեամբ։ Սակայն տկարութիւնը չկարողացաւ թուլացնել անոր հաւատքը։ Ան շարունակեց ապրիլ աղօթքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խոր նուիրումով։

Ան կը գրէր. «Ոչինչ այնքան մեծ է, որքան մարդու սիրտը. հոն՝ ներսը, կը բնակի Աստուած»։

Քիարայի մասին պատմուած աւանդութիւններէն մէկուն համաձայն՝ Ասիզիի վրայ սարակինոսներու յարձակման ժամանակ ան իր ձեռքերուն մէջ բռնած էր Սուրբ Հաղորդութեան սկիհը եւ աղօթած էր։ Յարձակողները հեռացած են՝ քաղաքը չվնասելով։

Հեռատեսիլի պաշտպան սուրբը

Քիարայի կեանքին կապուած է նաեւ ուշագրաւ պատմութիւն մը։ Սուրբ Ծննդեան գիշեր մը, երբ ան անկողինէն չէր կրնար ելլել, աղօթքի ընթացքին իբրեւ թէ տեսած է հեռուէն տեղի ունեցող Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները։ Այս աւանդութեան հիման վրայ Պիոս ԺԲ. Պապը 1958-ին զինք հռչակեց հեռատեսիլի պաշտպան սուրբ։

Քիարան մահացաւ 1253-ի Օգոստոս 11-ին՝ Սան Տամիանոյի մէջ։ Աւանդութեան համաձայն՝ իր շուրթերուն վրայ եղած վերջին խօսքը երախտագիտութեան աղօթք մըն էր.

«Օրհնեա՛լ ըլլաս, Դուն Տէ՛ր, որ զիս ստեղծեցիր»։

Անոր յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ մեծ բազմութիւն մը։ Միայն երկու տարի ետք՝ 1255-ին, Պապ Աղեքսանդր Դ. զինք սուրբ հռչակեց։

Սրբուհի Քիարայի կեանքը մինչեւ այսօր կը մնայ հրաւէր մը՝ պարզութեան, աղօթքի եւ Աստուծոյ հանդէպ ամբողջական վստահութեան։ Ան ընտրեց աղքատութիւնը, բայց այդ ընտրութեան մէջ գտաւ այն հարստութիւնը, որ աշխարհը չի կրնար տալ՝ Աստուծոյ մէջ ճշմարիտ ազատութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 07:30