Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեքթա (Էտիթ Շթայն). Կեանք մը՝ ճշմարտութեան, հաւատքի եւ նահատակութեան միջեւ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Օգոստոս 9-ին Եկեղեցին կը տօնախմբէ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեքթա՝ Էտիթ Շթայնի յիշատակը: Ան փիլիսոփայ էր, կարմեղեան կրօնաւորուհի եւ նահատակ, որ 1998-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ հռչակուեցաւ Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ:
Ծնած ըլլալով Պրեսլաւի մէջ, 1891-ին, խորապէս կրօնասէր հրեայ ընտանիքի մը մէջ, Էտիթ Շթայն կանուխ տարիքէն աչքի ինկաւ իր արտակարգ իմացականութեամբ, ինչպէս նաեւ ուսման եւ ճշմարտութեան փնտռտուքին հանդէպ ունեցած կրքոտ նուիրումով: Երիտասարդութեան տարիներուն ան հեռացաւ հաւատքէն եւ նուիրուեցաւ փիլիսոփայութեան՝ ծանօթանալով Էտմունտ Հուսերլի մտածողութեան եւ յայտնութենաբանութեան (fenomenologia):
Կարեկցանքի եւ մարդկային անհատին հանդէպ հետաքրքրութիւնը դարձաւ իր մտածողութեան հիմնական առանցքներէն մէկը:
Սակայն անոր մտաւոր փնտռտուքը աստիճանաբար վերածուեցաւ հոգեւոր ուղեւորութեան: Սուրբ Օգոստինոսի, Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի եւ յատկապէս Սուրբ Թերեզա Ավիլացիի կեանքին ընթերցումը զինք առաջնորդեցին դէպի քրիստոնէութիւն: 1922-ին ան ստացաւ Մկրտութիւնն ու Դրոշմը: Հակառակ քրիստոնեայ դառնալուն՝ Էտիթ երբեք չուրացաւ իր հրէական ծագումը, որ շարունակեց մնալ իր ինքնութեան հիմնական մասնիկը:
Փիլիսոփայութենէն դէպի Կրօնաւորական Կեանք
Էտիթ Շթայն դասաւանդեց, գրեց եւ լծուեցաւ կնոջ ու մարդկային անհատի արժանապատուութեան պաշտպանութեան գործին: 1934-ին մտաւ Քէօլնի Կարմեղեան վանքը եւ առաւ Խաչեալի Թերեզա Պենետեքթա կրօնական անունը: Հայեցողական կեանքի անոր ընտրութիւնը աշխարհէն փախուստ չէր, այլ հաւատքի միջոցաւ աշխարհի տառապանքներն ու անարդարութիւնները ապրելու տարբեր կերպ մը:
Նացիզմի յառաջխաղացումով եւ հրեաներու դէմ հալածանքներու սաստկացումով, Էտիթ աւելի խորապէս անդրադարձաւ իր ժողովուրդին հետ ունեցած կապին:
«Բիւրեղապակեայ գիշեր»էն ետք, զինք հալածանքներէն պաշտպանելու համար, տեղափոխեցին Նիտերլանտներու Էխթ քաղաքի Կարմեղեան վանքը:
Հոն եւս ան շարունակեց իր հոգեւոր ուղին՝ իր կեանքը ընծայելով մարդկանց խաղաղութեան եւ փրկութեան համար: Խաչը անոր համար դարձաւ յոյսի եւ Քրիստոսի հետ միութեան խորհրդանիշ:
Նահատակութիւնը Աուշվիցի մէջ
1942-ին, Նիտերլանտներու նացիական տիրապետութենէն ետք, Էտիթ Շթայն ձերբակալուեցաւ իր քրոջ՝ Ռոզայի եւ բազմաթիւ այլ կաթողիկէ հրեաներու հետ միասին: Խումբը աքսորուեցաւ Աուշվից-Պիրքենաուի համակեդրոնացման ճամբար:
Ճամբորդութեան ընթացքին եւ ճամբարին մէջ Էտիթ ցուցաբերեց մեծ կարեկցանք: Ան յատկապէս խնամեց երեխաները եւ ամենատկարները՝ փորձելով մխիթարել ծայրայեղ տառապանքի մէջ ապրողներուն:
Սպաննուելէ քիչ առաջ, ըստ աւանդուած վկայութեան, դառնալով քրոջը՝ Ռոզային, ըսաւ. «Եկո՛ւր, երթա՛նք մեր ժողովուրդին համար»: Էտիթ եւ Ռոզա սպաննուեցան Աուշվիցի կազի խցիկներուն մէջ, 1942-ի օգոստոսին:
Անոր մահը գագաթնակէտը հանդիսացաւ ճշմարտութեան փնտռտուքով, հաւատքով եւ սեփական ժողովուրդին հանդէպ զօրակցութեամբ ապրուած կեանքի մը:
Պատգամ Եւրոպային
Էտիթ Շթայն ձգած է բազմաթիւ փիլիսոփայական եւ հոգեւոր երկեր, որոնց մէջ կը խորհրդածէ մարդկային անհատին, ազատութեան, հաւատքի եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ յարաբերութեան մասին: Անոր կարեւորագոյն գործերէն է «Սահմանափակ Էութիւն եւ Յաւերժական Էութիւն» երկասիրութիւնը, ուր փիլիսոփայութիւնն ու հոգեւորականութիւնը կը միանան գոյութեան իմաստի փնտռտուքին մէջ:
1998-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը զինք սուրբ հռչակեց, իսկ յաջորդ տարին նշանակեց Եւրոպայի Պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Պրիժիթ Շուէտացիի եւ Սուրբ Կատարինէ Սիենացիի հետ միասին:
Այսպիսով, անոր կերպարը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւրոպական ցամաքամասին համար. հրէական ծագումով կին մը, փիլիսոփայ, քրիստոնեայ, կրօնաւորուհի եւ նացիական հալածանքներու զոհ՝ կը դառնայ երկխօսութեան, յարգանքի, հիւրընկալութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան խորհրդանիշ:
Էտիթ Շթայնի կեանքը մինչեւ այսօր կը յիշեցնէ, որ ճշմարտութեան փնտռտուքը կրնայ դառնալ հաւատքի ուղի, եւ որ նոյնիսկ ամենաողբերգական իրավիճակներուն մէջ կարելի է ընտրել զօրակցութիւնն ու յոյսը: Անոր պատգամը կոչ է Եւրոպային՝ չմոռնալու անցեալի ողբերգութիւնները եւ իր ապագան կերտելու մարդկային անհատի արժանապատուութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ խաղաղութեան հիման վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.