Որոնել

Հայր Ֆրանչեսքօ Իյելփօ Հայր Ֆրանչեսքօ Իյելփօ 

Սուրբ Երկրի Պահակ. «Միայն պատերազմը ապրողը չի վարժուիր պատերազմին»

Հայր Ֆրանչեսքօ Իելփօ՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ Ռիմինիի Միթինկէն զրոյցի մը ընթացքին. «Զէնքերու միջոցաւ ընթացող բոլոր ճամբաները երբեք չեն առաջնորդեր իսկական խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ երբեք չեն ապահովեր իսկական անվտանգութիւն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կացութիւնը տագնապալի է, մեծ դժուարութիւններով եւ տառապանքով լեցուն»: Հայր Ֆրանչեսքօ Իյելփօ OFM-ը՝ 2025-ի Յունիսէն ի վեր Սուրբ Երկրի Պահակը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն կը պատմէ իսրայէլացի եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն ապրած իրականութիւնը, որ յատկանշուած է պատերազմով, տնտեսական ճգնաժամով եւ աճող յոգնութեամբ:

Ռիմինիի Միթինկէն ֆրանչիսկեան կղերականը կը հաստատէ, թէ խաղաղութիւնը չի կրնար ծնունդ առնել բռնութենէն. «Զէնքերով անցած բոլոր ճանապարհները երբեք չեն բերեր ճշմարիտ խաղաղութիւն կամ ճշմարիտ ապահովութիւն»: Այս պատճառով ան քաղաքականութեան, դիւանագիտութեան եւ յատկապէս երկխօսութեան մէջ կը տեսնէ արդար եւ տեւական խաղաղութիւն կերտելու միակ ուղին:

Անդրադառնալով «երկու պետութիւններու» լուծման՝ Հայր Իյելփօ զայն կը բնորոշէ որպէս «միակ հնարաւորութիւնը», որ այսօր ի վիճակի է հաշուի առնելու երկու ժողովուրդներու բարիքը, թէեւ կ՛ ընդունի անոր իրականացման հսկայական դժուարութիւնները:

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Յորդանան Գետի Արեւմտեան Ափի քրիստոնեաներուն, որոնք կը համակիսեն համայն պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքները: Պահակութեան առաքելութիւնը, ըստ անոր բացատրութեան, նախ եւ առաջ մարդոց կողքին մնալն է, զիրենք առանձին չձգելն ու յոյսը պահպանելը:

Պահակը նաեւ կը զգուշացնէ ընդհանրացումներէն եւ ատելութենէն՝ ընդգծելով հնարաւոր համակեցութեան ի նպաստ աշխատող իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու ներկայութիւնը: «Մեր արցունքները նոյն գոյնը ունին», կը յիշեցնեն «Parent Circle»-ի անդամները՝ ընկերակցութիւն մը, որ կը համախմբէ հակամարտութեան զոհ դարձած իսրայէլացի եւ պաղեստինցի ընտանիքները:

Վերջապէս, Հայր Իյելփօ կոչ կ՛ընէ նաեւ անոնց, որոնք պատերազմէն հեռու կը բնակին՝ տեղեկանալու, ճանչնալու եւ մտիկ ընելու: «Միայն պատերազմը ապրողը չի վարժուիր պատերազմին», կը հաստատէ ան՝ հրաւիրելով չբաւարարուելու լուրերու վերնագիրներով կամ ընկերային ցանցերով, այլ փնտռելու իրականութեան աւելի խորունկ ճանաչումը:

Եւ Սուրբ Տեղեաց շարքին ան Կափառնաումը՝ «Յիսուսի քաղաքը», կը նշէ որպէս իրեն ամենէն սիրելի վայրերէն մէկը. առօրեայ կեանքի եւ բարեկամութեան տարածութիւն մը, ուր Աւետարանը կը ցուցադրէ Աստուած մը, որ կը մտնէ մարդոց իրական ու գործնական կեանքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/08/2026, 14:29