Ուրուկուէյի Եկեղեցին. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին այցելութիւնը պիտի զօրացնէ հաւատքն ու յոյսը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանը պաշտօնապէս հաստատեց, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը իր լատինամերիկեան առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը պիտի կատարէ Ուրուկուէյի մէջ՝ 6-8 Նոյեմբերին։ Այս լուրը մեծ ուրախութեամբ ընդունուած է երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը սպասէր Պետրոսի Յաջորդին այցելութեան։
Վատիկանեան լրատուամիջոցին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ Ուրուկուէյի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ եւ Մալտոնատօ-Փունթա տել Էսթէ-Մինասի եպիսկոպոս Միլթոն Թրոքոլի շեշտեց, որ Քահանայապետին ներկայութիւնը «նուէր եւ օրհնութիւն» է ամբողջ ժողովուրդին համար։ Ան համոզում յայտնեց, թէ այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ հաւատացեալներուն հաւատքը, պիտի խթանէ աւետարանչական առաքելութիւնը եւ նոր յոյս ներշնչէ ամբողջ հասարակութեան։
Եպիսկոպոս Թրոքոլիի համաձայն, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պիտի գայ իբրեւ հովիւ՝ քաջալերելու տեղական Եկեղեցին շարունակելու Աւետարանի վկայութիւնը եւ զօրացնելու հաւատացեալները իրենց առաքելութեան մէջ։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Քահանայապետին խաղաղութեան, հաշտութեան եւ միասնութեան պատգամը կարեւոր նշանակութիւն ունի ամբողջ երկրի համար։
Անդրադառնալով Ուրուկուէյի աշխարհիկ միջավայրին՝ Թրոքոլի նշեց, թէ Քահանայապետին երկխօսութեան ոգին կրնայ նոր թափ տալ Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ աւետարանական արժէքները ներկայացնելով յարգանքի, ծառայութեան եւ համընդհանուր բարիքի ճանապարհով։
Լեւոն ԺԴ. պիտի դառնայ Ուրուկուէյ այցելող երկրորդ Քահանայապետը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-էն ետք։ Եպիսկոպոսը յիշեցուց, որ նախորդ պապական այցելութիւնները խոր հետք ձգած են հաւատացեալներուն յիշողութեան մէջ, իսկ նոր այցելութիւնը պիտի վերահաստատէ Ուրուկուէյի Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը Հռոմի Եկեղեցւոյ հետ։
Այցելութեան ամէնէն խորհրդանշական պահերէն մէկը պիտի ըլլայ 8 Նոյեմբերին, երբ Սրբազան Քահանայապետը պիտի մասնակցի Ուրուկուէյի հովանաւորուհի՝ Երեսուներեքի Տիրամօր տօնակատարութեան։ Եպիսկոպոս Թրոքոլի նշեց, որ Քահանայապետին աղօթքը ազգային սրբավայրին մէջ պիտի վերանորոգէ ժողովուրդին Մարեման բարեպաշտութիւնը եւ պիտի յիշեցնէ երկրի քրիստոնէական արմատները։
Աւարտին Եպիսկոպոս Թրոքոլի կոչ ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն հոգեւոր պատրաստութեամբ դիմաւորելու Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ անոր այցելութիւնը պիտի նորոգէ Եկեղեցւոյ առաքելական եռանդը եւ Ուրուկուէյի ժողովուրդին համար բանայ յոյսի նոր հորիզոն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.