Թանժէրի արքեպիսկոպոսը. «Գաղթականները քաղաքական սակարկութեան առարկայ չեն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սէուտայի սահմանային ճգնաժամէն քանի մը օր անց, Մարոքի եւ սպանական ներգաւառին միջեւ իրավիճակը աստիճանաբար կը հանդարտի, սակայն մարդկային ողբերգութեան հետեւանքները կը շարունակեն ծանր մնալ։ Թէեւ իշխանութիւններու համաձայն՝ սահմանը հատածներուն մեծ մասը վերադարձած է Մարոք, բազմաթիւ ընտանիքներ տակաւին անտեղեակ են իրենց հարազատներու ճակատագիրէն, մինչ զոհերու թիւը կը շարունակէ տարակարծութիւններու առարկայ մնալ։
Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ Թանժէրի արքեպիսկոպոս Էմիլիօ Ռոշա Կրանտէն նշեց, թէ վերադարձող գաղթականները կը հասնին ուժասպառ ու քաղցած վիճակի մէջ, իսկ տեղւոյն Եկեղեցին, իր սահմանափակ միջոցներով, անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարած է՝ ապահովելով ջուր, սնունդ եւ ընկերային աջակցութիւն։ Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ Մարոքի շատ երիտասարդներ, տնտեսական դժուարութիւններու եւ աւելի լաւ ապագայի որոնման մղումով, Եւրոպան կը պատկերացնեն որպէս «խոստացուած երկիր»։
Անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ-ի՝ Սէուտայի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ արտայայտած մտահոգութեան, արքեպիսկոպոսը շեշտեց, որ գաղթականները երբեք պէտք չէ վերածուին քաղաքական կամ գաղափարական սակարկութեան առարկայի։ Ան կոչ ուղղեց զարգացնելու օրինական եւ արժանապատիւ գաղթի ուղիներ, ներդրում կատարելու երիտասարդներու կրթութեան եւ մասնագիտական պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ խորացնելու Եւրոպայի եւ Մարոքի միջեւ համագործակցութիւնը՝ յանուն աւելի արդար, մարդակեդրոն եւ համերաշխ գաղթական քաղաքականութեան։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, եզրափակեց ան, մարդը իր արժանապատուութեամբ տեսնելն է եւ այդ տեսլականով շարունակել երկխօսութիւնը քաղաքական ու հասարակական պատասխանատուներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.