Վերափոխման տօնախմբութիւն  Պաղտատի մէջ Վերափոխման տօնախմբութիւն Պաղտատի մէջ 

Վերափոխման տօնախմբութիւն Պաղտատի մէջ

Հայ Եկեղեցին 16 Օգոստոս 2026-ին մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը՝ Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին մայր տաճարին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով եւ խաղողօրհնէքի արարողութեամբ։ Արարողութեան նախագահեց Պաղտատի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեան, որ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Վերափոխման խորհուրդին, իսկ տօնակատարութենէն ետք հաւատացեալները մասնակցեցան Առաջնորդարանի մէջ կազմակերպուած հիւրասիրութեան։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Հայ Եկեղեցին ամէն տարի մեծ տօնախմբութեամբ կը նշէ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ կը յատկանշուի տարուայ առաջին բերքի՝ խաղողի օրհնութեան արարողութեամբ: Այսպէս, Կիրակի 16 Օգոստոս 2026-ին, Ս. Աստուածածնի երկինք վերափոխման տօնին առիթով, Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեան, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց, առընթերակայութեամբ՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի, սարկաւագներու և դպիրներու, Նարեկի Ս. Աստուածածին մայր տաճարին մէջ:

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ: Շարականներու և սաղմոսներու երգեցողութենէն, աղօթքներու ընթերցումէն յետոյ, Գերապայծառ տէրը օրուան իր պատգամը փոխանցեց, ըսելով. «Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը Քրիստոնէական Արեւելքի մէջ արդէն Զ. դարէն կը տօնուէր «Ս. Կոյսի Ննջում» անունով։ Վերափոխման տօնը կը յիշեցնէ մեզի, որ Մարիամ, իր կեանքի աւարտին, հոգիով եւ մարմնով երկինք վերափոխուեցաւ եւ միացաւ իր աստուածային Որդւոյն։ 1950-ին, Պիոս ԺԲ. Պապը խօսելով Վերափոխման աստուածաբանութեան մասին կ'ըսէր. «Վերափոխման տօնը մեզի ոչ միայն կը յիշեցնէ Սուրբ Կոյսին մարմնական անաղարտութիւնը, այլ՝ թէ այս սուրբ կոյսը ինչպէս յաղթեց մահուան, մարմնապէս փոխադրուելով երկինք, ուր պսակուեցաւ եւ փառաւորուեցաւ իր միակ զաւակին նման»: Յընթացս սուրբ Պատարագին, դպրաց դասը յաջորդաբար երգեց Տիրամօր նուիրուած գողտրիկ «Երկինք երկիր կը հիանան», «Հոն պիտի տեսնենք զինք» և «Գաբրիէլի ձեռին» տաղերը: Խաղողօրհնէքի ընթացքին՝

Գերապայծառը կարդաց Ս. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքը, որով կ'օրհնուի պտուղը, զայն ընծայողը, հողագործը եւ հողը` Արարիչէն խնդրելով առատ բերք, և կարկուտէն ու սառնամանիքէն զերծ տարի: Աղօթքին յաջորդեց Կանոն Փոխման Սրբոյ Կուսին շարականը. «Այսօր ժողովեալ սրբոցն ի միասին. Երանելի առաքեալքն և սուրբ կուսանքն. Ջահազգեստուք պայծառացեալ լուցանէին զլապտերս իւրեանց. և նոքա միաձայնեալ ասէին. Օրհնեալ ես ամենօրհնեալդ ի կանայս»: Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ հաւատացեալները օրհնուած խաղողները առնելով՝ ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը` ուր տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Վերափոխման տօնախմբութիւն Պաղտատի մէջ
Վերափոխման տօնախմբութիւն Պաղտատի մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/08/2026, 07:10