Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլա Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլա  (ANSA)

Փիցապալլա Ասսիզիի մէջ․ «Քրիստոնեաները յոգնած են անվերջ բանակցութիւններէն, խաղաղութիւն կը փափաքին»

Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան Ասսիզիի մէջ յայտարարեց, թէ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաները յոգնած են անվերջ բանակցութիւններէն ու խոստումներէն եւ խաղաղութեան իրական քայլեր կը սպասեն՝ զգուշացնելով, որ «ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» ներկայ վիճակը կը խորացնէ անվստահութիւնն ու յուսահատութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներու, քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու եւ միջկրօնական երկխօսութեան շնորհիւ տակաւին կարելի է խաղաղ ապագայի հիմքեր դնել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն»՝ վտանգաւոր փակուղի

Ասսիզիի մէջ, ուր մասնակցեցաւ «Global House of Friendship and Hope» միջկրօնական նախաձեռնութեան բացման, Երուսաղէմի Լատին պատրիարք կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան խօսեցաւ Սուրբ Երկրի մտահոգիչ իրավիճակին մասին՝ նշելով, թէ շրջանը կը գտնուի «ոչ պատերազմի եւ ոչ խաղաղութեան» վտանգաւոր վիճակի մէջ։ Ան ըսաւ, որ քրիստոնեաները, ինչպէս ամբողջ բնակչութիւնը, խորապէս յոգնած են շարունակուող բանակցութիւններէն եւ խոստումներէն, որոնք յաճախ իրականութիւն չեն դառնար՝ աւելցնելով, որ այդ մթնոլորտը կը խորացնէ անվստահութիւնն ու յուսահատութիւնը։

«Նոր դէմքերու կարիք կայ»

Անդրադառնալով Հոկտեմբեր 27-ի Իսրայէլի ընտրութիւններուն՝ պատրիարքը շեշտեց, թէ երկիրը նոր առաջնորդներու կարիք ունի, մինչդեռ Միջին Արեւելքի խոր արմատներ ունեցող խնդիրները չեն կրնար արագ լուծուիլ։ Ան, սակայն, յոյս յայտնեց, որ Կազայի, Արեւմտեան Ափի եւ Իսրայէլի մէջ տակաւին կան երիտասարդներ, դասախօսներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնք կը շարունակեն աշխատիլ երկխօսութեան, հանդիպումներու եւ խաղաղ համակեցութեան համար։

Սուրբ Ընտանիք ծուխը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Խօսելով Կազայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան մասին, որ վերջերս վնասուած էր իսրայէլեան հարուածէն, Փիցապալլան տեղեկացուց, թէ համայնքի 541 անդամները կը փորձեն աստիճանաբար վերադառնալ բնական կեանքին։ Վերաբացուած են դպրոցը եւ բուժկէտ մը, իսկ քահանաներն ու միանձնուհիները կը շարունակեն ծառայել՝ ստեղծելով ապահով ու խաղաղ միջավայր, յատկապէս երեխաներուն համար։

Երիտասարդները՝ ապագայի յոյսը

Պատրիարքը նշեց, թէ տարեցները կը մարմնաւորեն յիշողութիւնը, իսկ երիտասարդները՝ ապագայի յոյսը։ Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ներդրում կատարել նոր սերունդին մէջ, որպէսզի անիկա, դասեր քաղելով անցեալի սխալներէն, կարենայ կառուցել աւելի խաղաղ եւ արդար ապագայ։

Ասիզիէն՝ նոր խթան միջկրօնական երկխօսութեան

Անդրադառնալով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 1986 թուականի Ասսիզիի պատմական միջկրօնական աղօթքի հանդիպման 40-ամեակին՝ Փիցապալլան շեշտեց, որ տարեդարձը պէտք չէ վերածուի միայն անցեալի յիշատակութեան, այլ դառնայ նոր մեկնակէտ՝ անկեղծ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մշակոյթը վերակենդանացնելու համար։

Պապը՝ մշտապէս Սուրբ Երկրի կողքին

Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան նաեւ յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը մօտէն կը հետեւի Սուրբ Երկրի իրադարձութիւններուն եւ լաւատեղեակ է ստեղծուած իրավիճակին։ Անոր խօսքով՝ Քահանայապպետին այցը Սուրբ Երկիր անպայման պիտի իրականանայ, սակայն միայն այն ժամանակ, երբ պայմանները աւելի խաղաղ ու ապահով ըլլան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/08/2026, 07:30