INDONESIA-RELIGION-CHRISTIANITY-EASTER

Ճաքարթան կը հիւրընկալէ Ասիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասերու Դաշնութեան ԺԲ. Լիագումար Ժողովը

Ժողովին` յանուն Միջին Արեւելքի Պատրիարքներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ. Իսկ Լեւոն Պապին Յատուկ Պատուիրակը պիտի ըլլայ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասը` Պոմպէյի Երբեմնի Արքեպիսկոպոսը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս 20-էն 26, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթան պիտի դառնայ ասիական եկեղեցւոյ խորհրդածութեան կեդրոնը՝ Ասիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասերու Դաշնութեան (FABC) ԺԲ. Լիագումար Ժողովի գումարումով։ 

Այս հանդիպումը պիտի համախմբէ ցամաքամասի կաթողիկէ եկեղեցիներու կարդինալները, եպիսկոպոսներն ու պատուիրակները՝ քննարկելու համար աւետարանական առաքելութեան հեռանկարները՝ մշակութային, կրօնական եւ ընկերային արտակարգ բազմազանութեամբ բնորոշուող համապատկերի մը մէջ։ 

Ժողովին` յանուն Միջին Արեւելքի Պատրիարքներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ. Իսկ Լեւոն Պապին Յատուկ Պատուիրակը պիտի ըլլայ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասը` Պոմպէյի Երբեմնի Արքեպիսկոպոսը։ 

Ասիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասերու Դաշնութիւնը հիմնադրուած է 1970-ին՝ Սուրբ Պօղոս Զ. Պապին Մանիլա կատարած այցելութեան առիթով։ Ան ասիական եպիսկոպոսութիւններու միջեւ համագործակցութեան գլխաւոր մարմինն է։ Աւելի քան յիսուն տարուան գործունէութեան ընթացքին, Դաշնութինը յառաջ մղած է հովուական այնպիսի տեսլական մը, որ խորապէս արմատաւորուած է կրօններու, տեղական մշակոյթներու եւ ասիացի ժողովուրդներու աւանդութիւններուն հետ երկխօսութեան մէջ՝ Եկեղեցին դարձնելով ներկայութիւն մը, որ ընդունակ է ընկերակցելու ցամաքամասի հասարակութիւններուն իրենց փոխակերպումներուն ընթացքին։ 

Լիագումար Ժողովը կը հանդիսանայ Դաշնութեան կեանքի ամենակարեւոր պահը։ Ճաքարթան իբրեւ Ժողովի գումարման վայր ընտրելը կը շեշտէ Ինտոնեզիոյ՝ աշխարհի ամենախիտ մահմետական բնակչութիւն ունեցող երկրին դերը՝ որպէս մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան արտօնեալ վայր։ Ինտոնեզիոյ կաթողիկէ Եկեղեցին, թէեւ փոքրամասնութիւն է, կը գնահատուի խաղաղ համակեցութեան, համերաշխութեան խթանման եւ հասարակաց բարիքի կերտման գործին մէջ իր բերած նպաստին համար։ 

Ժողովը նաեւ մաս կը կազմէ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ յառաջ մղուած սինոդականութեան ուղիին՝ քաջալերելով եկեղեցական այնպիսի ոճ մը, որ հիմնուած է փոխադարձ լսողութեան, համապատասխանատուութեան եւ համայնքային զատորոշման վրայ։ 

ԺԲ. Լիագումար Ժողովի աշխատանքները մասնակիցներուն առիթ պիտի ունենան խորհրդածելու այն նորայայտ մարտահրաւէրներուն շուրջ, որոնք կը գտնուին Ասիոյ Եկեղեցւոյ դիմաց, որ կոչուած է վկայելու Աւետարանը՝ երկխօսութեան, ծառայութեան եւ ամենախոցելի բնակչութիւններուն մօտիկութիւն ցուցաբերելու միջոցաւ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/07/2026, 09:04