Որոնել

Կազայի Սուրբ Ընտանիք ծուխի ճակատամասին վրայի խաչը։ Կազայի Սուրբ Ընտանիք ծուխի ճակատամասին վրայի խաչը։ 

Կազայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութիւնը կ՝ոգեկոչէ յարձակման առաջին տարելիցը. Հայր Կապրիէլ Ռոմանելլի՝ «Աղօթենք խաղաղութեան համար»

Կազայի Սուրբ Ընտանիք ծուխը ոգեկոչեց 2025 թուականի յուլիսի 17-ի յարձակման առաջին տարելիցը, իսկ Հայր Կապրիէլ Ռոմանելլին կոչ ուղղեց աղօթելու զոհերուն, վիրաւորներուն եւ խաղաղութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Կազայի մէջ մարդասիրական ծանր ճգնաժամը կը շարունակուի, սակայն Լատինական պատրիարքութիւնը կը յուսայ սեպտեմբերին վերաբանալ ծուխի դպրոցը՝ շուրջ հազար երեխայի ուսումը վերականգնելու նպատակով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կազայի Սուրբ Ընտանիք լատինական ծուխը կը նշէ 2025 թուականի 17 յուլիսի իսրայէլական յարձակման առաջին տարելիցը, որուն հետեւանքով զոհուած էին բազմաթիւ անձեր, իսկ ծխական համայնքը խորապէս ցնցուած էր։ Ծուխի հովիւ Հայր Կապրիէլ Ռոմանելլին յայտարարած է, թէ կիրակի, 19 յուլիսին, պիտի մատուցուի յատուկ Սուրբ Պատարագ՝ զոհերուն, վիրաւորներուն, անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ներման եւ խաղաղութեան համար աղօթելու նպատակով։

Հայր Ռոմանելլին յիշեցուցած է, թէ յարձակումէն երեք օր ետք Լեւոն ԺԴ. Պապը իր խոր վիշտը յայտնած էր դէպքին առնչութեամբ՝ յարգանքով յիշատակելով զոհերուն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգման ու անհապաղ խաղաղութեան կոչ ուղղելով։

Յարձակումին ընթացքին զոհուած էին ծուխի դռնապանը՝ 60-ամեայ Սաատ Իսա Քոստանտի Սալամեհը, ինչպէս նաեւ Ֆումիա Իսա Լատիֆ Այեատը եւ Նաժուա Ապու Տաուտը։ Հայր Ռոմանելլին ինք ալ թեթեւ վիրաւորուած էր ոտքէն, իսկ ծուխի համալիրին մէջ ապաստանած հարիւրաւոր մարդիկ ահաբեկուած էին։

Միեւնոյն ժամանակ, Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակուի։ Չնայած հրադադարին, վերջին օրերուն եւս արձանագրուած են զինուորական գործողութիւններ եւ զոհեր։ Բնակչութիւնը կը շարունակէ ապրիլ աւերակներու մէջ, իսկ տեղաշարժը դժուարացած է՝ քանդուած ճամբաներուն, փոխադրամիջոցներու սակաւութեան եւ վառելանիւթի ծայրայեղ բարձր գիներուն պատճառով։

Հայր Ռոմանելլին կը նկարագրէ Կազայի ճամբաները որպէս ամբողջովին աւերուած՝ լեցուն փոսերով, բեկորներով եւ մետաղական մնացորդներով։ Ան նշած է, թէ մէկ լիթր նաւթի գինը հասած է մօտ 13.5 ամերիկեան տոլարի, իսկ պենզինը՝ շուրջ 27 տոլարի։ Այս պայմաններուն մէջ ծուխը նիւթապէս կ՛աջակցի գործող սակաւաթիւ հանրակառքերուն, որպէսզի երեխաները եւ ընտանիքները կարենան հասնիլ Սուրբ Յովսէփի ամառնային գործունէութիւններուն։

Երուսաղէմի Լատինական պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ գերպ. Ուիլիըմ Շոմալին ընդգծած է, որ Կազայի ենթակառոյցներուն շուրջ 80 առ հարիւրը տակաւին աւերուած է, ներառեալ դպրոցներն ու ջրամատակարարման եւ ելեկտրական ցանցերը։ Անոր համաձայն՝ սեպտեմբերին նախատեսուած է վերաբանալ Սուրբ Ընտանիք ծուխի դպրոցը, որպէսզի շուրջ հազար երեխայ կրկին վերադառնայ ուսման եւ աստիճանաբար յաղթահարէ պատերազմի հոգեբանական հետեւանքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/07/2026, 10:33