Թալիթա Քումը ընդլայնած է իր ցանցը մարդավաճառութեան դէմ պայքարի իր յանձնառութեան ուղիով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան առթիւ, «Թալիթա Քում» ցանցը՝ որ հիմնուած է Կանանց Կրօնաւորաց Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու Միութեան (UISG) կողմէ ներկայացուցած է 2025-ի Տարեկան Տեղեկագիրը, որ ի յայտ կը բերէ գործունէութեանց զգալի աճ մը համաշխարհային մակարդակի վրայ։
2025 թուականի ընթացքին ցանցը հասած է 1,21 միլիոն անձերու, արձանագրելով 29,6%-ի աճ նախորդ տարուան համեմատ՝ կանխարգիլման նախաձեռնութիւններու, վերապրողներու աջակցութեան, արդարադատութեան դիմելու կարելիութեան, ջատագովութեան եւ գործընկերութիւններու միջոցաւ։
Այսօր «Թալիթա Քում»ը ներկայ է 113 երկիրներու մէջ՝ 68 ազգային ցանցերով, ներգրաւելով աւելի քան 6,300 քոյրեր եւ գործընկերներ։
Կանխարգիլումը կը մնայ միջամտութեան հիմնական դաշտը․ շուրջ 929 հազար անձերու հասած են դպրոցներու, համայնքներու եւ լրատուամիջոցներու մէջ իրազեկման արշաւներու միջոցաւ։ Զուգահեռաբար, ցանցը ապահոված է պաշտպանութիւն եւ վերաընդելուզման ուղիներ մարդավաճառութեան երեւոյթէն վերապրած աւելի քան 27 հազար անձերու, ինչպէս նաեւ ամրապնդած է արդարադատութեան դիմելու կարելիութիւնը՝ աջակցելով աւելի քան 7,100 զոհերու։
Տեղեկագիրը նաեւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ երեւոյթի զարգացման վրայ։․
Միջազգային համակարգող, քոյր Ապպի Ավելինօ ընդգծած է, որ մարդկային առեւտուրը կ՛ընդգրկէ հետզհետէ աւելի բարդ ձեւեր, որոնցմէ են առցանց խաբեբայութիւնները Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ, մինչ պատերազմները, կլիմայական տագնապներն ու անհաւասարութիւնները կը շարունակեն սնուցանել միլիոնաւոր մարդոց խոցելիութիւնը:
Կանանց Կրօնաւորաց Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու Միութեան նախագահ, քոյր Ունա Օ'Շէյ վերանորոգած է կոչը՝ ամրապնդելու կրօնաւորական միաբանութիւններու եւ գործընկերներու յանձնառութիւնը, որպէսզի կառուցուի մարդկային առեւտուրէ ազատ աշխարհ մը՝ հիմնուած իւրաքանչիւր անհատի ազատութեան եւ արժանապատուութեան վրայ:
Ըստ UNODC-ի (ՄԱԿ-ի Թմրանիւթերու եւ Ոճրագործութեան Գրասենեակ), կիները, աղջիկներն ու անչեահասները կը շարունակեն մնալ մարդավաճառութեան գլխաւոր զոհերը: Սեռային շահագործումը կը մնայ ամենատարածուած ձեւը կիներու եւ աղջիկներու համար, մինչ կը ծաւալի հարկադիր աշխատանքը, որ որոշ շրջաններու մէջ դարձած է շահագործման գլխաւոր ձեւը եւ կը ներկայացնէ բացայայտուած պարագաներու 42%-ը:
Թուային արհեստագիտութիւնները հետզհետէ աւելի շատ կը գործածուին ոճրագործ ցանցերու կողմէ՝ զոհերը հաւաքագրելու, խաբելու եւ վերահսկելու համար, զիրենք նոյնիսկ ստիպելով մասնակցիլ առցանց խաբեբայութիւններու եւ այլ համակարգչային յանցագործութիւններու:
Գաղթականներն ու տեղահանուածները հանգամանքներու բերումով յատկապէս խոցելի են. պատերազմները, ընդհարումները, տնտեսական եւ կլիմայական տագնապները կը բարձրացնեն շահագործման վտանգը գաղթի ուղիներու երկայնքով:
Երեւոյթը սնուցանող գլխաւոր ազդակներու շարքին են զինեալ ընդհարումները, տնտեսական անհաւասարութիւնները, հաստատութենական տագնապներն ու կլիմայական աղէտները, որոնք կը հարուածեն յատկապէս այնպիսի երկիրներ, ինչպէս՝ Պուրքինա Ֆազոն, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը, Ուքրանիան, Լիբանանը, Միանմարը (Պիրմանիա), Պաղեստինը, Հարաւային Սուտանը եւ Վենեզուելան:
Այս իրականութեան դիմաց, «Թալիթա Քում» ցանցը կը նորոգէ իր յանձնառութիւնը՝ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան եւ մարդոց վաճառքէ զերծ աշխարհ մը կերտելու ի նպաստ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.