Պատերազմ, Իսրայէլ, Պաղեստին Պատերազմ, Իսրայէլ, Պաղեստին  (AFP or licensors)

Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս․ «Արեւմտեան Ափը կը կ՛արիւնի, լսեցէ՛ք խաղաղութեան կոչերը»

Սուրբ Երկրին մէջ շարունակուող բռնութիւններուն դիմաց, Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը եւ լսելու Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան կոչերը՝ զգուշացնելով, որ Արեւմտեան Ափի բնակչութիւնը ամէն օր կ՛ապրի վախի, անապահովութեան եւ ծանր սահմանափակումներու մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրին մէջ շարունակուող բռնութիւններուն դիմաց, Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Արեւմտեան Ափի ծանր կացութեան մասին՝ կոչ ուղղելով լսելու Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան կոչերը եւ վերջ տալու արիւնահեղութեան։

Ան կը գրէ, թէ Արեւմտեան Ափը, ինչպէս Կազան, կ՝ապրի խոր տառապանքներու մէջ. բռնութիւնը, աւերածութիւններն ու բաժանումները կը փոխեն երկրին դիմագիծը եւ աւելի կը հեռացնեն խաղաղութեան հեռանկարը։ Ըստ անոր՝ շրջանին մէջ կը տիրէ չյայտարարուած պատերազմ մը, ուր մարդիկ ամէն օր կը դիմագրաւեն վախ, անապահովութիւն եւ բազմաթիւ սահմանափակումներ։

Հայր Ֆալթաս կը մատնանշէ, որ անցակէտերը, ճանապարհներու փակումը, բնակարաններու եւ հողատարածքներու վրայ յարձակումները լրջօրէն կը խոչընդոտեն ժողովուրդին առօրեան՝ դժուարացնելով աշխատանքի, առողջապահական ծառայութիւններու եւ ընտանեկան կեանքի բնականոն ընթացքը։

Ան նաեւ կը զգուշացնէ, որ շարունակուող բռնութիւնը յատկապէս կը հարուածէ երիտասարդներն ու երեխաները։ Երիտասարդները կը կորսնցնեն ապագայի նկատմամբ իրենց յոյսը, իսկ երեխաները կը մեծնան պատերազմով եւ բաժանումներով վիրաւորուած իրականութեան մէջ։

Վերջապէս, Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս կը վերահաստատէ, որ Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան կոչերը պէտք է լսուին բոլոր կողմերէն։ Ան յոյս կը յայտնէ, որ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ապագայ քաղաքական զարգացումները պիտի նպաստեն աւելի արդար եւ խաղաղ ապագայի՝ երկու ժողովուրդներուն համար։ Ըստ անոր, պատմութիւնը կարելի է փոխել, երբ ժողովուրդները վստահին Աստուծոյ եւ քաջութիւն ունենան ընտրելու խաղաղութեան ճանապարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/07/2026, 09:22