ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (71)
71.- ՄԽԻԹԱՐԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԷՆ ԵՐԿՈՒՔԸ ՈՂՋ ԱՌՈՂՋ ՎԵՆԵՏԻԿ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ
Մխիթարի եւ եղբայրակիցներուն սիրտը աներեւակայելի ցնծութեամբ եւ անպատում ուրախութեամբ կը լեցուի երբ լուր կ՚առնեն, որ Հ. Ղազար եւ Հ. Յակոբ Բուզայեան Կոստնանդնուպոլիս կը գտնուին եւ միաբանութեան բարեկամներ անոնց փրկագինը վճարելէ ետք նաւով մը զիրենք Վենետիկ ճամբած են։
Որքան որ մեծ եղած էր իրենց տխրութիւնը անոնց մահուան մասին շրջող լուրերը լսելով՝ նոյնքան եւ աւելի հրաճուանքով կը դիմաւորեն զիրենք 1716ի Մարտ ամսուն։ Անոնց հետ Պոլիս առաքելութեան ղրկուած Հ. Պօղոսն ալ կը վերադառնայ, իր հետ բերելով հաւատացեալներու նուիրած ողորմութիւնները եւ պատարագուցները՝ միաբանութեան առօրեայ ծախսերը հոգալու համար։
Ցնծութեան աղաղակը Մխիթար կը հասցնէ նաեւ Հռոմ, Սուրբ Աթոռին, նշելով որ իր միաբանակիցներու մահուան լուրը ճիշտ չէր եւ թէ անոնցմէ երկուքը ողջ առողջ վերադարձած էին իր մօտ։ Միեւնոյն նամակին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ իրենց ծայրայեղ աղքատ վիճակը, թէ հազիւ օրապահիկ մը կրնար ապահովել, իսկ այժմ անել կացութեան կը մատնուէր՝ քանի որ երկու միաբաններու փրկագինը վճարելու համար պարտաւորուած էին 500 սկութ, այսօրուան հաշուարկով՝ 15000-25000 եւրոյ վերադարձնել Կոստանդնուպոլսոյ բարեկամներուն, որ գումարը կանխելով՝ ազատագրած էին վարդապետները, եւ այս պարտքի պատճառով իր քարոզիչ վարդապետներէն մէկը իբր պատանդ մնացած էր Կոստնադնուպոլիս։ 16 Մայիսին ուղարկած նամակին որպէս պատասխան կը ստանայ Ծիրանաւոր Սակրիպանտէի օրհնութիւններով լի նամակը, գրուած 6 Յունիսին, որու մէջ երկու վարդապետներու ազատագրման համար խնդակցելէ ետք կը յանձնարարէ որ Մխիթար Վենետիկի Պատրիարքի առատաձեռնութեան ապաւինի, քանի որ Հաւատասփիւռի արկղը դատարկուած էր՝ առաքելութիւններուն օգնելու համար։
Կարելի է երեւակայել Մխիթարի մարդկային օժանդակութեան հանդէպ յուսախաբութիւնը, սակայն այս էր փաստացի եւ յստակ մերժողական պատասխանը։ Մխիթար պիտի շարունակէ իր խնդրրագիրները շարադրել եւ տարբեր դռներ ծեծել, քանի որ ուրիշ հնարաւորութիւն չունէր։ Անկոտրում կամքը հաստատած էր ժայռի վրայ, Աստուծոյ վրայ, եւ բարեխօս ունէր Աստուածամայրը՝ որ մէկ անգամ ընդ միշտ տուած էր իր հաւանութիւնը Մխիթարի նուիրումին՝ կատարելու Երկնաւոր Մօր կամքը՝ իր պաշտելի ազգին լուսաւորութեան, անոր հոգեւոր կեանքի մէջ զարգացման եւ Աստուծոյ Խօսքը ըմբռնելու եւ գործադրելու հայրենաւանդ անզուգական ժառանգութեան գործադրման համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.