Հայաստան. Աւետարանելու ընդարձակ դաշտը. Կրօնուսոյցներուն յատկացուած Հոգևոր Կրթութիւն
2026 թուականի Յուլիս 13-էն 17-ը, Երևանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ, Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի օրհնութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան հոգևոր կրթութեան օրեր՝ կրօնուսոյցներու համար: Հաւաքին մասնակցեցան 14 կամաւոր կրօնուսոյցներ՝ Հայաստանէն, Վրաստանէն և Ռուսաստանէն:
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ 2023-ին մեկնարկած Կրօնուսոյցներու պատրաստութեան քառամեայ ծրագիրին, որուն նպատակն է զօրացնել աշխարհական կամաւորներու առաքելութիւնը համայնքներէն ներս:
Հոգևոր հաւաքի հինգ օրերու ընթացքին մասնակիցները ապրեցան աղօթքով ու խորհրդածութիւններով լեցուն հարուստ ծրագիր մը: Ամէնօրեայ Սուրբ Պատարագներէն, Երկրպագութենէն և Վարդարանի աղօթքներէն զատ, տեղի ունեցան բանախօսութիւններ, ինչպէս նաև աստուածաշնչական խորհրդածութիւններ (Lectio Divina): Մասնակիցները դիտեցին Սուրբ Քարլօ Աքութիսի մասին հայերէնի թարգմանուած վաւերագրական ֆիլմը և ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի Խոր Վիրապ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սրբավայրը: Ծրագիրը ընդգրկեց նաև մշակութային բաժին՝ Մնջախաղի Պետական Թատրոնի «Մացառուտ» ներկայացման դիտումով:
Աւարտին ամփոփուեցան կատարուած աշխատանքները և նախանշուեցան առաջիկայ քայլերը, որոնք կը ներառեն՝ համագործակցութիւն ԱՄՆ-ի Սթիւպընվիլի համալսարանին հետ, մանուկներու համար կրօնագիտութեան պարզ դասագիրքի հրատարակութիւն և կրօնուսուցման ընդհանուր ուղեցոյցի պատրաստութիւն:
Ծրագիրը կամբողջանայ ԱՄՆ-ի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի (USCCB) և ֆրանսական l’Œuvre d’Orient կազմակերպութեան աջակցութեամբ:
Տ. Հովսեփ Քհն. Գալստան
Աղբիւրը Դիւան Առաջնորդութեան Կաթողիկէ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.