Որոնել

Քարաչի Քարաչի 

Փաքիստան. միջկրօնական համերաշխութիւն մը՝ քրիստոնեայ ընտանիքի մը

Քարաչիի մէջ քրիստոնեայ ընտանիքի մը դէմ Քուրանի պղծման մասին անհիմն ամբաստանութիւններէն ետք, իշխանութիւններու, մահմետական առաջնորդներու եւ համայնքային կառոյցներու արագ միջամտութիւնը կանխեց բռնութեան տարածումը։ Կաթողիկէ ներկայացուցիչները շեշտեցին միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, սակայն ընդգծեցին, որ Փաքիստանի քրիստոնեաները տակաւին կը մնան խոցելի եւ կը դիմագրաւեն խտրականութեան վտանգը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քարաչիի Պալտիա Թաուն շրջանին մէջ քրիստոնեայ ընտանիքի մը դէմ ուղղուած բռնութեան վտանգը կանխուեցաւ տեղական իշխանութիւններու, մահմետական կրօնական առաջնորդներու եւ համայնքային կառոյցներու արագ միջամտութեամբ։ Ընտանիքին դէմ Քուրանի պղծման մասին եղած էին անհիմն ամբաստանութիւններ, որոնք կրնային զանգուածային բռնութեան պատճառ դառնալ։

Փաքիստանի Կաթողիկէ Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Յանձնաժողովի գործադիր տնօրէն Նայիմ Եուսաֆ Կիլ ընդգծեց, որ այս դէպքը ցոյց տուաւ՝ ժամանակին միջամտութիւնն ու միջկրօնական համագործակցութիւնը կրնան կանխել ողբերգութիւններ։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս քայլը կրնայ նպաստել տարբեր համայնքներու միջեւ վստահութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու կառուցման։

Սակայն Կիլ զգուշացուց, որ մէկ դէպքով կարելի չէ եզրակացնել, թէ Փաքիստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ վերաբերմունքը ամբողջութեամբ փոխուած է։ Ան նշեց, որ քրիստոնեաները տակաւին խոցելի կը զգան իրենց, որովհետեւ հայհոյութեան ամբաստանութիւնները հաճախ կը վերածուին ամբողջ համայնքներու դէմ ճնշումներու։

Կաթողիկէ Յանձնաժողովը շեշտեց միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ըրաւ իշխանութիւններուն՝ հանրային իրազեկման արշաւներ կազմակերպելու, որպէսզի նման մեղադրանքներ չվերածուին բռնութեան։ Կիլ յիշեցուց նաեւ, որ Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաները դեռ կը դիմագրաւեն խտրականութիւն եւ դժուարութիւններ՝ արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/07/2026, 16:58