Որոնել

Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան 

Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» հովուական յորդորը

«Evangelii gaudium»ը («Աւետարանի Ուրախութիւնը») Ֆրանչիսկոս Պապի առաջին առաքելական յորդորագիրն է, որ հրատարակուած է 24 Նոյեմբեր 2013-ին: Նկատուելով իր քահանայապետութեան իսկական ծրագրային փաստաթուղթը, յորդորագիրը կը գծագրէ «դէպի դուրս ելլող», զօրեղօրէն առաքելական, աղքատ եւ ժողովուրդին մօտիկ Կաթողիկէ Եկեղեցիի մը տեսլականը:
Ունկնդրէ զրոյցը]

Աւետարանի Ուրախութիւնը

Հովուական Յորդոր 

Ներածական:

Ֆրանչիսկոս Պապը իր «Աւետարանի Ուրախութիւնը» վերնագրով Հովուական յորդորը այս խօսքերով կը սկսի․ 

«Աւետարանի ուրախութիւնը կը համակէ  բոլոր անոնց սրտերն ու կեանքը, որոնք կը հանդիպին Յիսուսի։ Անոնք, որոնք կ’ընդունին Անոր փրկութեան առաջարկը, կ’ազատագրուին մեղքէն, տրտմութենէն, ներքին դատարկութենէն եւ առանձնութենէն։ Քրիստոսի հետ ուրախութիւնը միշտ կը վերածնի։ Այս Յորդոր նամակովս կը փափաքիմ քաջալերել քրիստոնեայ հաւատացեալները, որպէսզի սկսին աւետարանացման նոր գլուխ մը՝ թրոշմուած այս ուրախութեամբ, եւ միաժամանակ ցոյց տալ Եկեղեցւոյ ընթացքին համար նոր ուղիներ՝ գալիք տարիներուն» (#1)։

Ի՞նչ է այս նոր գլուխը։ Իմ կարծիքովս, ստորեւ բերուած խօսքը լաւագոյնս կ’ ամփոփէ ամբողջ փաստաթուղթը․ 

«Կ’երազեմ “առաքելական ընտրանք” մը, այսինքն՝ «մղում մը դէպի առաքելութիւն, որ ունակ ըլլայ ամէն ինչ փոխակերպելու, որպէսզի Եկեղեցւոյ սովորութիւնները, գործելակերպերը, ժամանակացոյցերը, լեզուն եւ կառոյցները յարմարապէս ուղղուին մերօրեայ աշխարհի աւետարանացման ծառայութեան, եւ ոչ թէ միայն ինքնապահպանման» (#27)։

Սրբազան Քահանայապետին այս արտայայտութիւնը մեծղի յայտարարութիւն մըն է։ Որպէս Եկեղեցի՝ երկար ժամանակ ինքնապահպանման վիճակի մէջ գտնուած ենք։ Մենք մեզ փակած ենք ապահով պատսպարաններու մէջ եւ փորձած միայն գոյատեւել։ Ֆրանչիսկոս Պապը մեզ կը կոչէ ամէն ինչի մէջ ընտրելու առաքելութեան մեկնելու ուղին որպէսզի Եկեղեցին բարգաւաճի՝ ինչպէս  ըրին 12 առաքեալները Քրիստոնէութեան սկիզբը:  

Աւետարանի Լոյսով համակուած կեանքի ուրախութիւնը կը դառնայ առաջին քարոզութիւնը։ Մարդիկ կը մօտենան հաւատքին ոչ միայն խօսքերով, այլ փոխակերպուած կեանքերու վկայութեամբ։ Եկեղեցին կը գոյատեւէ՝ հռչակելու համար՝ թէ Աստուծոյ սէրը կը կանխէ ամէն մարդկային ջանք եւ թէ փրկութիւնը անվճար պարգեւ է բոլորին։

Թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս առաքելութիւնը իրականացնել։ Փաստաթուղթի մնացեալ մասը ճիշդ այս հարցին պատասխանն է։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/07/2026, 08:21