Հայկական Եկեղեցի Հայկական Եկեղեցի 

«Առաքելական աւանդութիւն եւ արդի փիլիսոփայութիւն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Սուրբ Գիրքը եւ առաքելական Սուրբ Աւանդութիւնը միասին կը յայտնեն Աստուծոյ կամքն ու ճշմարիտ հաւատքը, որ եկեղեցին դարեր շարունակ հաւատարմօրէն պահպանած է։ Հեղինակը կը շեշտէ, որ այսօրուան հոգեւոր ճգնաժամին միակ լուծումը վերադարձն է առաքելական աւանդութեան, սուրբ հայրերու ուսուցումներուն եւ սուրբերու կեանքի օրինակին։
Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Գիրքին մասին խօսելով՝ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ. «Ամբողջ Գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմ. 3:16)։ Յատկանշական է, որ առաքեալի ապրած ժամանակաշրջանին, Աստուածաշունչի միակ կանոնական գիրքերը Հին Կտակարանի գրութիւններն էին: Հին Կտակարանը մեզի կը փոխանցէ ո՛չ միայն Աստուծոյ տուած օրէնքներն ու մարգարէական պատգամները, այլեւ՝ ունի յատկանշական բաժին մը, որ կը նկարագրէ Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին միջեւ հաստատուած ուղղակի յարաբերութիւնը։ Հենելով այս կենդանի յարաբերութեան վրայ՝ մեզի կը բացայայտուին Աստուծոյ կամքն ու աստուածային նկարագիրը:

Երբ Նոր Ուխտին անցնինք, սկզբունքը կը մնայ նոյնը։ Հոն կը գտնենք Քրիստոսի պատգամներն ու կեանքը, ինչպէս նաեւ կը տեսնենք Աստուծոյ յարաբերութիւնը եկեղեցւոյ հետ, որու ընդմէջէն դարձեալ կը հասկնանք աստուածային կամքն ու միտքը: Օրինակի համար, Հին Կտակարանին մէջ կը գտնենք Սոդոմի պատմութիւնը, զոր Աստուած երկնային կրակով բնաջնջեց։ Այս կեցուածքին միջոցով է, որ կը հասկնանք աստուածային միտքը՝ Սոդոմի մեղքին հանդէպ, եւ թէ որքանո՛վ անընդունելի է սոդոմացիներու վարքուբարքը: Հին Կտակարանին մէջ նաեւ կը տեսնենք Աստուծոյ յարաբերութիւնը Աբրահամի եւ Մովսէսի հետ։ Աստուած մտերիմ հարազատի մը նման կը խօսի անոնց հետ, Իր կամքը կը յայտնէ եւ նոյնիսկ անոնց կարծիքը մտիկ կ'ընէ: Իսկ երբ գանք Նոր Ուխտին, հոն է որ Աստուած Իր Որդիով Ինքզինք լիովին յայտնեց մարդկութեան։ Ս. Պօղոս կը գրէ. «Վասնզի Հայրը հաճեցաւ, որ աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը Անոր մէջ բնակի» (Ա.Կող. 1:19)։ Նոր Կտակարանին մէջ ալ դարձեալ կը հանդիպինք եկեղեցւոյ կեանքին ընդմէջէն Աստուծոյ մտածելակերպին ու կամքին։ Աստուածաբաններ, սերտելով Գործք Առաքելոց գիրքը, որ առաջին եկեղեցւոյ կեանքն է, աստուածային ճշմարտութիւնները ի յայտ կը բերեն: Եկեղեցին, շարունակելով հաւատարիմ մնալ առաքելական աւանդութեան, դարեր շարունակ ապրեցաւ եւ հաստատ պահեց ճշմարիտ հաւատքը: Այսպիսով՝ կը տեսնենք, թէ քրիստոնէական հաւատքը հիմնուած է աստուածային օրէնքներուն եւ Իր ժողովուրդին կողմէ այդ օրէնքները կեանքի վերածելու (ապրելու) ընթացքին վրայ: Այս կը կոչուի առաքելական Ս. Աւանդութիւն:

Ցաւօք, ներկայիս նկատելի է, որ քրիստոնեաներ կամաց-կամաց կ'ուզեն զանց առնել առաքելական աւանդութիւնը, եւ անոր տեղ դնել ներկայ աշխարհին հետ հաշտուած իրենց գաղափարախօսութիւնը: Ճշմարիտ հաւատքը անաղարտ պահելու համար, եկեղեցին դարերու ընթացքին քանի-քանի տիեզերական ժողովներ գումարեց։ Մինչդեռ հիմա, ով որ ուզէ՝ կրնայ որեւէ պատահական գաղափար մէջտեղ նետել, եւ մարդիկ զայն անմիջապէս կ՛ընդունին իբրեւ ճշմարտութիւն: Ուստի, ի զուր տեղ չէ, որ ներկայիս եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը մարդոց վրայ հետզհետէ կը նուազի:
Մեր այս ապրած իրականութեան միակ լուծումը վերադարձն է առաքելական աւանդութիւններուն՝ սուրբ հայրերու խօսքերուն եւ կեանքին։ Անոնք ապրեցան, հնազանդեցան աստուածային պատգամին, յաղթեցին աշխարհին եւ հիմա կը մնան իբրեւ հսկայ փարոսներ՝ ամբողջ մարդկութեան համար: Շատ յաճախ կը յուսահատինք, կ՛ընկճուինք եւ պարտութեան բոլոր նշանները ցոյց կու տանք պարզապէս այն պատճառով, որ մեր զօրութիւնը սուրբերէն ստանալու փոխարէն՝ մեր աչքերը կը դարձնենք դէպի աշխարհն ու անոր փիլիսոփայութեան. եւ կամ անոնց, որոնք կը քարոզեն քրիստոնէութեան անունով, բայց կը սորվեցնեն աշխարհի սկզբունքները:

Կարդա՛նք սուրբերուն կեանքերը, որոնք Աստուածաշունչի կենդանի մեկնութիւններն են, եւ այն ժամանակ մեր հաւատքը կրակի նման պիտի բռնկի, ու այդ հաւատքով մենք ալ յաղթական պիտի ըլլանք՝ մեր երկնային Վարդապետին նման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/07/2026, 08:34