Մէտժուկորէի սրբավայրը Մէտժուկորէի սրբավայրը 

Մէտժուկորէի Մարեմեան սրբավայրը ենթարկուեցաւ սրբապղծութեան արարքի

Մէտժուկորէի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բացօթեայ խորանն ու Աստուածամօր արձանը ենթարկուած են ծանր վանտալութեան՝ դիւրահրկիզելի հեղուկով հրդեհման եւ պղծման հետեւանքով։ Ծխական գրասենեակը, տարածքը մաքրելէ եւ վերանորոգելէ ետք, հաւատացեալներուն կոչ ուղղած է չարին չարով չպատասխանելու, այլ պատահարին արձագանգելու աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ չարագործներու սրտի դարձի մաղթանքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ծանր բարբարոսական յարձակում մը արձանագրուեցաւ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերը՝ Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Մէտժուկորէի սրբավայրին մէջ։ Տակաւին չյայտնաբերուած անձ մը դիւրահրկիզելի հեղուկ լեցուցած է Սուրբ Յակոբ ծխական եկեղեցւոյ բացօթեայ խորանին վրայ եւ կրակի տուած՝ պատճառելով նիւթական զգալի վնասներ։ Նոյն անհատը ապա պղծած է Աստուածամօր արձանը եւ վիրաւորական գրութիւններ ձգած տարածքին մէջ։

Մաքրման եւ վերանորոգման աշխատանքներ

Մէտժուկորէի ծխական գրասենեակը հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ անմիջապէս ձեռնարկած է մաքրման եւ վերանորոգման աշխատանքներու, որպէսզի բոլոր տարածքները կրկին պատրաստ ըլլան աղօթքի համար։ Սրբավայրը բաց կը մնայ բոլոր ուխտաւորներուն առջեւ, իսկ հաւատացեալներուն կոչ կ՛ուղղուի այս ցաւալի դէպքին արձագանգելու աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ ներողամտութեամբ․ «Աղօթենք այս արարքը գործողներուն սրտի դարձին համար, որպէսզի Տէրը Իր շնորհքով դպչի անոնց եւ առաջնորդէ դէպի բարին»։

Կեանքով վկայել սիրոյ, ներողամտութեան եւ յոյսի մասին

Ծխական գրասենեակը կը հաստատէ, թէ բարբարոսական այս արարքին լուրը ընդունուած է «խոր ցաւով»։ Միաժամանակ, շնորհակալութիւն կը յայտնուի բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով կը նպաստեն, որ «սրբավայրը շարունակէ մնալ Աստուծոյ հետ հանդիպման, խաղաղութեան, եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Խաղաղութեան Թագուհիին մեծարման վայր»։

Պահեցողութենէն եւ ներողամտութենէն զատ, ծխական գրասենեակը կը հրաւիրէ աղօթելու նաեւ «համայն մարդկութեան սրտերուն մէջ խաղաղութեան համար», քանի որ «Տիրամայրը մեզ անդադար կը հրաւիրէ ըլլալու խաղաղութեան տարածիչներ»։ Այսպիսով, պատահարը կրնայ նոյնիսկ «մեզ մղել աւելի լրջութեամբ ընդունելու Անոր կոչը՝ չարին չարով չպատասխանելու, այլ մեր կեանքով վկայելու սիրոյ, ներողամտութեան եւ յոյսի մասին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

29/07/2026, 08:58