Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը պատրաստ է նշելու նուիրման տարեդարձը եւ Ձիւնի Տիրամօր աւանդական տօնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի ամենանշանաւոր եւ սիրուած աւանդոյթներէն մէկը կը պատրաստուի վերապրելու իր պատմական պահերը։ Մարիա Մաճճորէ Տաճարը հրաւէր կը յղէ հաւատացեալներուն, տեղացի բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն՝ մասնակցելու տաճարի նուիրման տարեդարձի եւ ձիւնի Տիրամօր հանդիսաւոր տօնակատարութիւններուն։
Եռօրեայ Պատրաստութիւն Եւ Հրաշքի Վերապրում
Տօնական ծրագիրը պիտի սկսի Օգոստոս 2, 3 եւ 4-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին նախատեսուած եռօրեայ աղօթքով։
Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոսին, Տաճարի նուիրման տարեդարձին եւ Ձիւնի Տիրամօր տօնին առթիւ, վերստին տեղի պիտի ունենայ ծաղկեպսակներու եւ ձիւնի աւանդական «տեղումը»։ Այս արարողութիւնը կը յիշատակէ Ք.Ե. 358 թուականին Լիպերիոս Պապի օրօք տեղի ունեցած հրաշքը, երբ Սուրբ Կոյս Մարիամը երազի մէջ Պապին պատուիրեց տաճար կառուցել այն տեղը, որ Ինք պիտի մատնանշէր։ Հետեւեալ առաւօտ Էսքուիլին բլուրը ծածկուած էր ձիւնով, ուր ալ բարձրացաւ Աստուածամօր նուիրուած պատմական տաճարը։
Հանդիսաւոր Արարողութիւններ
Հռոմէական աւանդոյթի ամենախորհրդանշական այս իրադարձութիւնը պիտի ընդգրկէ երկու գլխաւոր պահեր.
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որ պիտի մատուցուի Տաճարի Աւագ Քահանայ՝ Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիցկասի կողմէ։ «Gloria»-ի երգեցողութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ձիւն հրաշքի վերապրումը։ Այս արարողութիւնը ուղիղ սփռումով պիտի հեռարձակուի «Telepace» կայանէն։
Կէսօրէ ետք ժամը 17:00-ին, երեկոյեան Ժամերգութիւն, նախագահութեամբ Տաճարի Փոխ-Աւագ Քահանայ՝ գերպ Լուիս Մանուէլ Ալի Էրերայի։ Ձիւնի հրաշքի վերապրումը պիտի կրկնուի «Magnificat»-ի երգեցողութեան ընթացքին։
Օգոստոս 5-ին Սուրբ Պատարագները պիտի մատուցուին տօնական ժամերուն համաձայն՝ ժամը 7:00-ին, 8:00-ին, 9:00-ին, 10:00-ին, 12:00-ին եւ 18:00-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.