Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (98)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:

ՂԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:

Մարիամի աստուածամայրութիւնը կ'արտայայտուի Ս. Գրային պատկերաւոր կամ այլաբանական տիտղոսներով. Ան լուծիչ է երկանց Եւայի, քաւիչ յանցանաց, միջնորդ մարդոց և հզօր բարեխօս: «Անմահ ծառ», մահը մեղքին արդիւնքն է, Մարիամ անմահութեան բուրմունք է, ուրեմն մեղք չունի: «Ո՛վ գերահրաշ ծաղիկ բուրեալ յԵդեմայ, հոտ անմահութեան ծննդոց Եւայի, յորմէ սփռեցաւ մահ ընդ տիեզերս», ուր Ս. Կոյսէն սփռուող անմահութեան բուրմունքը կը հակադրուի Եւայէն սփռուող մեղքին ու մահուան հոտին:

Դարձեալ՝ «Շուշան հովտաց, ծաղիկն դաշտանց միամայրն Մարիամ, արմատ տնկոյն անմահութեան»: Արմատը չի կրնար տարբեր բնութիւն ունենալ իր պտուղէն, որ Յիսուսն է:

«Քերովբէ հողեղէն, նիւթեղէն սերովբէ». Մեր շարականները Մարիամը անմարմին հրեշտակներուն կը նմանցնեն: «Վեհագոյն սերովբէից և բազմաչեայ քերովբէից, Տիրամայր Աստուածածին, տապանակ կտակի, սափոր ոսկի, խորհրդաւոր խորան Բանին Հօր բարձրելոյ»:

«Ձոյլ ոսկի» ոսկին պայծառ է, սակայն ձոյլ ոսկին կ'ակնարկէ ոսկիին ներքին հարազատութեան: Մարիամը կոչել ձոյլ ոսկի՝ ակնարկութիւն մըն է ո՛չ միայն  անոր արտաքին անարատութեան ու անբիծութեան, այլ նաեւ անոր ներքին մաքրութեան, մեղքէ զերծ ըլլալուն, ինչպէս ձոյլ ոսկին կը հակադրուի խառն ոսկիին. «Ուրախ լեր, Մարիամ, ձոյլ ոսկի և ճեմարան Բանին Աստուծոյ»:

Տիրամայրը կոչուած է նաեւ սափոր ոսկի. «Ուրախ լեր, սափոր ոսկի երկնային հացին»: Եգիպտոսի ելքէն ետք Եբրայեցիները անօթեցան, Աստուած գթալով իր ժողովուրդին` երկինքէն մանանայ տեղացուց, որպէսզի ժողովուրդը ուտէ ու կշտանայ:Անկէ ետք այդ մանանան դրուեցաւ ոսկի սափորին մէջ եւ ապա ոսկի սափորով միասին` Ուխտի տապանակին մէջ: Մեր հայրերը Մարիամ Աստուածածինը կը նմանցնեն ոսկի սափորին, որ իր մէջ կրեց երկինքէն իջած Մանանան` Յիսուս Քրիստոսը: Շարականագիր հայրերը իրենց պատկերացումը արտայայտած են հետեւեալ բանաձեւով. «Քերովբէներէն գերագոյն, Աստուծոյ աթոռ եւ կենաց ծառ անմահական պտուղի, տապանակ Բանին ուխտին եւ ոսկի սափոր երկնային մանանային. հոգեւոր երգով քեզ կը մեծարենք սրբուհի»:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մարգարէական ժամանակաշրջանին. Աստուած Եզեկիէլ մարգարէն կը տանի Երուսաղէմ, որպէսզի իր տեսածներուն մասին խօսի Իսրայէլի որդիներուն: Եզեկիէլի մարգարէութեան 44-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք Արեւելեան դուռին մասին: Աստուած կ’ըսէ մարգարէին. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ» (Եզ 44, 2): Մեր հայրերը Արեւելեան դուռը կը նմանցնեն Սուրբ Աստուածամօր: Արեւելեան դուռը յաւէրժ գոց մնաց նոյնպէս ալ Մարիամ Աստուածամայրը յաւէրժ կոյս մնաց, որովհետեւ իր մէջ ընկալեց տէրերու տէրը, թագաւորներու թագաւորը, սրբութիւնը եւ աշխարհի միակ Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոսը: Այս հաստատումին իբրեւ փաստ` կրնանք առնել տիեզերական ժողովներու կանոններուն Մանկունքի կցորդը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

31/07/2026, 07:49