Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (97)
ՂԷ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Շարականներու խորհրդապաշտ պատկերներուն:
Մարիամի հոգեւոր գերակայութիւնը փառաբանուած է Ս. Գիրքէն քաղուած հազարումէկ պատկերներով, որոնք անցք մը կ'արտայայտեն ասներմն կուսութենէն դէպի աստուածամայրութեան վայելող անմեղանչականութիւն: Հայ շարականները Աստուածամօր անսերմ անարատութիւնը կ'արտայայտեն նաեւ այլաբանական պատկերներով: Շարականները կը դիմեն Ս. Գիրքին ու անոր այլաբանական և խորհրդանշական օրինակներուն և Ս. Գիրքէն քաղուած խորհրդապաշտ պատկերներով իրենց ըմբռնումը կ'ամրացնեն: Եկեղեցւոյ Հայրերը կը հաւատան թէ Ս. Կոյս Մարիամ իր մօր արգանդին մէջ առանց սկզբնական մեղքին յղացուեցաւ, զերծ կացուցուելով Ադամի Եւայի գործած մեղքէն: Մեր շարականներուն մէջ ոչ մէկ տարակոյս կայ, թէ Մարիամ Յիսուսը անսերմ ծնաւ, կուսաբար, անարատ, Ս. Հոգիէն:
Այս շնորհքը Յիսուսի աստուածային անձին հետ կապուած է: Եկեղեցին կը դաւանի Տիրամայրը ոչ միայն Յիսուսը առանց սերմի ծնաւ, այլ նաեւ առանց մեղքի աշխարհ եկաւ իր մօր Աննայի արգանդէն սկսեալ և մեղքէ զերծ մնաց ամբողջ կեանքին ընթացքին: Մեր շարականները երբ Մարիամը «անարատ» կը կոչեն, կը հասկնան թէ ան Յիսուսը յղացաւ և ծնաւ առանց մարդկային սերմի, կուսաբար, առանց այր մարդու (ու մեր պարագային) առանց Ս. Յովսէփէն, այլ միայն Ս. Հոգիէն: Մարիամի կուսութիւնը կը տարածուի ու կ'ընդգրկէ անոր ամբողջ կեանքը, Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ մահը: Մարիամ Յիսուսը կուսաբար աշխարհ բերելէ ետք, շարունակեց կոյս մնալ, Ս. Յովսէփի հետ կուսաբար ապրիլ մինչեւ կեանքին վերջը: Տեղին է յիշել թէ Փոխման շարականը վերագրոած է Խորենացիին:
«Երիս խորհուրդս սոսկալիս» հայ եկեղեցւոյ տեսակէտը «ի ծննդեան», «յետ ծննդեան» և ամբողջ կեանքին կուսութեան այս երեք հանգրուաններուն մասին կարծէք իր լրումը կամ ամբողջացումը կը գտնէ, իր գագաթնակէտին և իր բանաձեւումին կը հասնի հետեւեալ շարականով. «Երիս խորհուրդս սոսկալիս ի քեզ տեսանի, Աստուածածի՛ն. Յղութիւն անսերմնական, ծնունդ անարատ, կուսութիւն յետ ծննդեան, մնալով անապական: Այսպէս, յաւելեալ շարականներ քաղելով մեր աննման Շարակնոցէն և անոնց զանազան բառերէն, պատկերներէն, թելադրութիւններէն կը կազմենք մեր Հայրերուն դաւանանքին դիմանկարը Մարիամի աստուածամայրութեան վարդապետութեան մայսին: «Անկէզ մորենի», բոցակիզող կրակը խորհրդանիշն է մեղքին, որմէ Մարիամ անբոցակէզ մնաց, մեղքէն չայրեցաւ: Մարիամ մեղքէն անկէզ մնացած է, ուր Տիրամաօր մնայուն կուսութիւնը կ'արտայատուի նաեւ «անխախտելի կուսութիւն » բառերով:
«Քու սուրբ կաթդ խմցուցիր տիեզերքը կերակրողին, որ մեր ննջեցեալները վերստին կը նորոգէ. քեզ կը մեծարենք, որ կիներու մէջ օրհնուած ես»: «Դուն, որ աստուածային լոյսը գիրկիդ մէջ կրելու արժանացար եւ արդարութեան արեգակին արեւելք եղար, օրհնութեամբ կը մեծարենք քեզ»: «Անստուեր լոյսը արգանդիդ մէջ կրեցիր, օրհնուած ես կիներուն մէջ»: Կը յիշենք պատմութիւնը անկէզ մորենիին, որ կ՛այրէր, բայց չէր սպառեր: Մովսէս մարգարէն երբ մօտեցաւ անոր Աստուած իրեն ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը, որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է» (Ելք 3:5): Մեր շարականագիր հայրերը այդ մորենիին մէջ կը տեսնեն Աստուածամօր ներկայութիւնը: Աստուածամայրը եղաւ այն մորենին, որ առանց այրելու` իր մէջ կրեց աշխարհի, տիեզերքի կրակը` Յիսուս Քրիստոսը: Այս գաղափարը շօշափած են շարականի հետեւեալ բառերով. «Անկէզ մորենի եւ լոյսի տաճար, անարատ եւ անխախտելի կուսութիւն. մայր եւ աղախին քեզ կը մեծարենք»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.