Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (96)
ՂԶ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք «Աստուածածին» տիտղոսին շարականներուն մէջ:
Իսկապէ՛ս, հայկական Շարականները կը նմանին ադամանդներու, որոնք իրարու քով գալով եւ ամրանալով ոսկիին վրայ` կը դառնան գեղեցիկ ու փայլուն: Ոսկին մեր եկեղեցւոյ ծէսն է, որ կը գեղեցկանայ եւ տարբեր փայլք կը ստանայ շարականներուն միջոցով: Հայկական շարականները իբր մեկնակէտ ունեցած են յոյն և ասորի Եկեղեցիներուն շարականները: Այս Եկեղեցիները մեզմէ առաջ յօրինած են գեղեցիկ շարականներ, քանի մեզմէ առաջ քրիստոնեայ եղած են և գրականութիւն մշակած են և փառաւոր Հայրապետներ ունեցած են: Հետեւաբար, մեր շարականները իրենց բովանդակութեամբ անոնց արձագանգն են, մանաւանդ այդ շրջանին, երբ տակաւին սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէինք, անոնց մօտ կը ճամբէինք մեր ուշիմ ուսանողները, երբ անոնց հետեւելով մեր Ոսկեդարը կը կերտէինք և թարգմանական գրականութիւն կը ստեղծէինք: Նոյն պայմաններուն մէջ կազմաւորուած են մեր Ծիսարանն ու Պատարագը: Նոյն պայմաններուն մէջ նաեւ՝ մեր առաջին դաւանանքը:
Հայ Եկեղեցին Ե. դարուն, Ս. Մեսրոպի շրջանէն սկսեալ՝ և հետագայ դարերուն, հանգրուան առ հանգրուան, նոր շարականներու յօրինման յարմարագոյն ձեւը համարած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մեծանուն Հարերու յօրինած անցեալի աւանդին կառչիլ, անորմէ ներշնչուիլ և զայն իբր ուղեցոյց գործածել: Այս եղանակաւ, դաւանաբանական գետնի վրայ ինչ որ պատահած էր Տիեզերական Եկեղեցիին ծոցին մէջ նոյնը արձագանգած էր նաեւ Հայոց պաշտամունքին մէջ, յատպապէս մեր Շարակնոցին միջոցով, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին մասնիկն էր Տիեզերական Եկեղեցիին:
Ինչպէս ծանօթ է, առաջին դարերու քրիստոնեաներուն համար, որոնք հեթանոսական միջավայրերու մէջ կ'ապրէին և տակաւին շրջապատուած էին դիցուհիներուն մատուցուած հրապարակային պաշտամունքով, վտանգ կար որ Տիրամայրը աստուածանար և շփոթուէր հեթանոս դիցուհիներուն հետ: Այս պատճառաւ առաջին դարերու աստուածաբաններուն մօտ՝ Մարիամի Աստուածամայրութեան հարցը վիճաբանութեան առարկայ դարձած է: Անկարելին կարելի դարձնող այս աննախընթաց հրաշքը առաջին շրջանին շլացուցած է Եկեղեցւոյ Հայրերը, որովհետեւ Փրկչագործութեան խորհուրդը երկու ծագ ունի, երկինք և երկիր, Աստուած և մարդ:
Մէկ ծագը՝ Ս. Երրորդութիւնն է, սկիզբ անհաս, անպարագրելի, ահեղ և անժամանակ, որ Որդիին միջոցով ուզեց մեղուցեալ մարդը փրկել: Փրկչագործութեան միւս ծագը՝ Մարիամն է, գործակից փրկութեան Որդիին մարդեղութեամբ: Այսպէս, հայկական իրականութեան մէջ, «Աստուածածին» Թէօդոքոսը (յունարէն՝ Θεοτόκος), Ս. Կոյս Մարիամին տրուած տիտղոսներուն մէջ ամենասիրուածն է: Մարիամ կոչուած է նաեւ Աստուածամայր, Տիրամայր և Սուրբ Կոյս: Աստուծամայրը Աստուած զգեցաւ իր վրայ: Աստուած Սուրբ Կոյսին վրայ եկաւ ու հանգչեցաւ: Ասիկա որպէսզի իրագործուի, հարկ էր որ Մարիամ Կոյսը իր անսերմ մայրութեամբ մարդկայինէն բարձրանար և աստուածայինին մերձենար: Հարկ էր որ Մարիամ ատակ դառնար աստուածամայրութեան պաշտօնին, որուն կանչուած էր:
Տիրամայրը աստուածամայր դառնալով, Յիսուսին ծնունդ տալով իր պաշտօնը չաւարտեց, այլ Յիսուսը ծնանելէ ետք՝ մասնակցեցաւ Անոր փրկչագործ առաքելութեան իբր միջնորդ: Դուն Մարիամ կ'ըսեն շարականները, «անհասութեան խորհրդոյն սպասաւորեցեր, միջնորդ եղեր Աստուծոյ և մարդկան»: Այս հաստատումին իբրեւ փաստ` մեր շարականները աւելի շեշտած են Մարիամի անսերմ մայրութիւնը, անոր կուսական որդեծնութիւնը, որոնք Մարիամը դարձուցին Աստուածամայր, Ս. Հոգիին ներգործութեամբ, որ Աստուծոյ և մարդուն միջեւ կամուրջն է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.