Որոնել

French parliament votes on the end-of-life bill in Paris

Ֆրանսայի Եկեղեցին կը նախատեսէ բողոքարկել «մեռնելու օժանդակութեան» օրէնքը

Փարիզի մէջ, Ազգային ժողովը անցեալ չորեքշաբթի երեկոյեան՝ 15 յուլիսին, վերջնականապէս որդեգրեց «մեռնելու օժանդակութեան» իրաւունքը սահմանող օրինագիծը: Այս որոշումը, որ յաջորդեց չորս տարի տեւած բուռն քննարկումներուն, յառաջացուց Եկեղեցւոյ խիստ հակազդեցութիւնն ու մտահոգութիւնը՝ ընդգծելով, որ եղբայր մը չի կրնար մահ պատճառել իր միւս եղբայրներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

15 Յուլիս 2026ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը վերջնականապէս որդեգրեց «մեռնելու օժանդակութեան» իրաւունքը սահմանող օրինագիծը: Այս որոշումը, որ յաջորդեց չորս տարի տեւած բուռն քննարկումներուն, յառաջացուց ինչպէս Ֆրանսայի տեղական եկեղեցւոյ, այնպէս ալ Վատիկանի խիստ հակազդեցութիւնն ու մտահոգութիւնը: Երկու կողմերն ալ միահամուռ կերպով կը դատապարտեն այս քայլը՝ զայն համարելով մարդկային կեանքի արժանապատուութեան եւ խնամքի դարաւոր աւանդութեան լուրջ խախտում:

Օգնել հիւանդներուն արժանապատիւ ձեւով ապրիլ՝ անոնց մահը կանխահաս դարձնելու փոխարէն

Օրէնքի քուէարկութենէն ժամեր առաջ, Սուրբ Աթոռի Կեանքի Պաշտպանութեան Քահանայապետական Ակադեմիան հանդէս եկաւ յստակ յայտարարութեամբ: «Ամէն մարդկային կեանք պէտք է յարգուի եւ պաշտպանուի իր յղացումէն մինչեւ բնական վախճանը», ընդգծեց առ այդ Ակադեմիայի Դիւանապետը՝ Հայր Անտրէա Չուչին միաժամանակ հաստատելով, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է։

Անոր խօսքով, Եկեղեցին չի կրնար ընդունիլ հեշտամահութեան (էւթանազիա) որեւէ ձեւ, եւ յիշեցուց Լեւոն ԺԴ․ Պապի հրաւէրը՝ աղօթելու կեանքի յարգանքի համար եւ դատապարտելու հասարակութեան անտարբերութիւնը տկարներու հանդէպ: Վատիկանը կոչ կ՚ընէ հայեացքը ուղղել դէպի մեղմացուցիչ խնամքը՝ օգնելով հիւանդներուն արժանապատիւ ձեւով ապրիլ իրենց կեանքի վերջին օրերը, փոխանակ անոնց մահը կանխահաս դարձնելու:

Իրաւական քայլեր Եկեղեցւոյ կողմէ

Նոյն գիշերը, Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն՝ արտայայտելով իր խոր վիշտն ու տագնապը։ Համահաւաք Դասի Խօսնակը՝ Նանթերի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Մատթէոս Ռուժէն, Վատիկան Նիուզի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Եկեղեցին պատրաստ է դիմելու բազմաթիւ իրաւական քայլերու՝ օրէնքի ժխտական հետեւանքները սահմանափակելու համար եւ մատնանշեց յատկապէս երկու լուրջ խնդիր, որ օրէնքն իրմէ կը ներկայացնէ.

Առաջին խնդիրը․ Ազատութեան պայմանի բացակայութիւնը

Օրէնքը կը պարտադրէ կրօնական կամ բարեգործական հաստատութիւններուն, ինչպէս օրինակ՝ «Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերը» կամ Փարիզի «Ժան Կարնիէ» տունը, իրենց յարկերէն ներս թոյլատրել հեշտամահութեան գործադրութիւնը: Եկեղեցին կը պահանջէ իրաւունք տալ այս կեդրոններուն՝ մերժելու այդ արարքը իրենց բարոյագիտական կանոնագիրին համաձայն, յարեց Նանթերի Եպիսկոպոսը՝ ներկայացնելով առաջին խնդիրը։

Երկրորդ խնդիրը․ Խղճի ազատութեան բացակայութիւնը դեղագործներուն համար.

Բացի այդ, «օրէնքը ինչպէս որ քուէարկուեցաւ, խղճի ազատութեան պայման կը նախատեսէ բժիշկներուն համար: Այդուհանդերձ, ցաւալի է, որ անիկա խղճի ազատութիւն չի նախատեսեր դեղագործներուն համար, որոնք, տան մէջ կատարուող օժանդակեալ ինքնասպանութեան պարագային, ուզեն թէ չուզեն պիտի վերածուին մահացու դեղանիւթի պահեստարանի», նշեց ան երկրորդ խնդրի առնչութեամբ։

Պատասխանն է՝ եղբայրական սէր ու գործօն ներկայութիւն հիւանդներուն

Ամփոփելով, Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի խօսնակը կրկնեց նախ, որ Եկեղեցին պէտք է մօտէն հետեւի ներկայացուած բոլոր իրաւական դիմումներուն՝ յատկապէս պաշտպանելու համար հաստատութիւններու ազատութիւնն ու անոնց բարոյագիտական կանոնագիրը:

Ապա աւարտեց իր խօսքը՝ նշելով, որ մինչ Ֆրանսան կը պատրաստուի երկու ամիսէն հիւրընկալել Լեւոն Պապի Հովուապետական այցելութիւնը, ուր անկէ կը սպասուին կեանքի պաշտպանութեան ուղղուած հզօր պատգամներ, Եկեղեցին կը յորդորէ  քրիստոնեաներուն գործնականօրէն եղբայրական սիրով ու ներկայութեամբ ընկերակցիլ առանձին, տկար եւ լքուած հիւանդներուն, որպէսզի անոնք յուսահատութեան պատճառաւ մահը չընտրեն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/07/2026, 10:10