Որոնել

Կարդինալ Թարցիսիուս Իսաո Կիկուչ Կարդինալ Թարցիսիուս Իսաո Կիկուչ  (Vatican Media)

Կարդինալ Քիքուչի․ Ասիոյ Եկեղեցին տարբեր իրականութիւններու մէջ է, բայց միացած է նոյն հաւատքով

Կարդինալ Թարցիսիուս Իսաո Քիքուչի ընդգծեց, որ Ասիոյ Եկեղեցին, հակառակ իր մշակութային եւ հասարակական բազմազանութեան, միացած կը մնայ նոյն հաւատքով եւ կոչուած է երկխօսութեան ու համագործակցութեան միջոցով վկայելու Աւետարանը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ գաղթականներու հովուական խնամքն ու մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը այսօր Ասիոյ Եկեղեցւոյ առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ասիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու Դաշնակցութեան (FABC) ընդհանուր քարտուղար եւ Թոքիոյի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Թարցիսիուս Իսաո Քիքուչի, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ ամփոփեց Ինտոնեզիոյ Ճաքարթայի մէջ գումարուած FABC-ի 12-րդ լիագումար ժողովի աշխատանքները՝ շեշտելով, որ Ասիոյ Եկեղեցին, հակառակ մշակութային, լեզուական, քաղաքական եւ տնտեսական մեծ տարբերութիւններուն, միացած կը մնայ մէկ հաւատքով եւ Քրիստոսի մէկ Մարմինով։

Կարդինալը նշեց, որ ժողովին ընթացքին աւելի քան 120 եպիսկոպոսներ եւ կարդինալներ աղօթքով ու երկխօսութեամբ քննարկեցին Ասիոյ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, տեղական համայնքներու մարտահրաւէրներն ու համագործակցութեան ուղիները։ Ան ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը՝ տարբեր մշակոյթներու, կրօններու, աղքատներու եւ բնապահպանական ճգնաժամի նկատմամբ, Եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմնական առանցքն է։

Քիքուչի յատկապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց Ասիոյ մէջ աճող գաղթի երեւոյթին եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան վրայ՝ նշելով, որ այս հարցերը կը պահանջեն հրատապ հովուական պատասխան։ Ան շեշտեց, թէ տարբեր երկիրներու տեղական Եկեղեցիները պէտք է աւելի սերտօրէն համագործակցին, փոխադարձաբար ճանչնան իրարու իրականութիւնները եւ զիրար աջակցին, մանաւանդ հոգեւոր մակարդակի վրայ։

Խօսելով Ճափոնի մասին՝ Կարդինալը նշեց, որ թէեւ երկրի մէջ պաշտօնապէս կաթողիկէներու թիւը փոքր է, մեծաթիւ գաղթական կաթողիկէներ՝ յատկապէս Ֆիլիպիններէն եւ Վիեթնամէն, այսօր նոր կեանք կը բերեն տեղական համայնքներուն։ Ըստ անոր՝ բազմազգ Եկեղեցին, որ միասին կ՚աղօթէ եւ կը քալէ, կենդանի վկայութիւն մըն է «միասնութիւն՝ բազմազանութեան մէջ» սկզբունքին եւ սինոդականութեան ոգիին։

Անդրադառնալով Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին՝ Քիքուչի ըսաւ, թէ փաստաթուղթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է Ճափոնի մէջ, յատկապէս արհեստական բանականութեան վերաբերող բաժիններուն պատճառով։ Ան աւելցուց, որ ճափոներէն պաշտօնական թարգմանութեան հրապարակումէն ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ ամբողջովին գնահատել հանրային արձագանգը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/07/2026, 10:34