Հնդկաստանի եպիսկոպոսները կը դատապարտեն ուսանողական խաղաղ ցոյցերու բռնի ճնշումը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հնդկաստանի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասը (CBCI) խստօրէն դատապարտեց Նիւ Տելիի մէջ խաղաղ ցոյց կատարող ուսանողներուն դէմ ոստիկանութեան գործադրած բռնութիւնը՝ կոչ ուղղելով իշխանութիւններուն յարգելու ժողովրդավարական իրաւունքները եւ սկսելու անկեղծ երկխօսութիւն։
Հինգ օր շարունակ հազարաւոր ուսանողներ բողոքած են համալսարանական քննութիւններու կեղծիքներուն դէմ եւ պահանջած կրթութեան նախարարին հրաժարականը։ Ցոյցերու ընթացքին տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան, մինչ կառավարութիւնը համաձայնեցաւ բանակցութիւններ սկսիլ ուսանողներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկել կրթական համակարգի բարեփոխումները։
Յուլիս 21-ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ CBCI-ն իր համերաշխութիւնը յայտնեց վիրաւոր ուսանողներուն՝ ընդգծելով, որ անոնց պահանջները կը միտին աւելի թափանցիկ, պատասխանատու եւ արդար կրթական համակարգի ստեղծման։ Եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ անհամաչափ ուժի կիրառումը կը վնասէ ժողովրդավարութեան հիմքերը։
Համաժողովը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնեց կրթական բարեփոխումներու պաշտպան Սոնամ Վանկչուքին, որ հացադուլի դիմած էր՝ պահանջելով արմատական փոփոխութիւններ։ Եպիսկոպոսները իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին անոր եւ ուսանողներուն պահանջներուն արձագանգել կարեկցանքով ու փոխըմբռնումով, ոչ թէ բռնաճնշումով։
Վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան նկատմամբ՝ CBCI-ն յոյս յայտնեց, որ ուսանողներու մտահոգութիւնները պիտի լուծուին անկեղծ երկխօսութեան եւ իրական բարեփոխումներու միջոցով՝ ամրապնդելով երկրի կրթական համակարգն ու ժողովրդավարական արժէքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.