«Մէկ Սիրտ Քրիստոսի Մէջ»․ Լիբանանը կը Հիւրընկալէ Հայ Կաթողիկէ երիտասարդութեան հաւաքը (WAYD 2026)
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Լիբանանը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէրներ, երկիրը կը շարունակէ հաստատել իր պատմական առաքելութիւնը՝ իբրեւ հանդիպման, հաւատքի եւ աշխարհին բացուելու երկիր։
Այս ծիրէն ներս, բացառիկ իրադարձութեամբ մը, Անճար գիւղաքաղաքը եւ ապա Զմմառու Տիրամօր Վանքը, 29 Յուլիսէն 3 Օգոստոս 2026-ին, պիտի հիւրընկալեն «Մէկ Սիրտ Քրիստոսի Մէջ – WAYD 2026» հաւաքը, որ կազմակերպուած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԿԵՄ) կողմէ։ Սոյն հաւաքին պիտի մասնակցին աւելի քան 250 երիտասարդներ՝ աւելի քան 6 երկիրներէ, հանդիսանալով տարուան ամենակարեւոր եկեղեցական-երիտասարդական իրադարձութիւններէն մէկը։
Ձեռնարկը պիտի միացնէ հոգեւոր, մարդկային եւ մշակութային ոլորտներ՝ յայտագիրով մը, որ կ՛ ընդգրկէ ծիսական արարողութիւններ, աղօթքի պահեր, դասախօսութիւններ, փոխներգործօն աշխատանոցներ, խոկումի պահեր, համայնքային ծառայութեան գործունէութիւններ եւ մշակութային երեկոներ, որոնք լուսարձակի տակ պիտի առնեն հայկական ժառանգութեան հարստութիւնը։
Յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ կարեւոր հոգեւոր ուխտագնացութիւն մը եւ մշակութային ու զբօսաշրջային յատուկ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երթուղի մը, որ կը ներառէ այցելութիւն՝ Հարիսայի Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայր, Աննայայի Սուրբ Շարպէլի Վանք եւ Զմմառու Տիրամօր Վանք։
Մասնակիցները պիտի քալեն Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի հետքերով՝ այն վայրին մէջ, ուր ան ապրած եւ ուսանած է, անոր սրբադասումէն մէկ տարի ետք։
Ասիկա առիթ մը պիտի ըլլայ վերարծարծելու հաւատքի եւ սրբութեան անոր վկայութիւնը, որ խորապէս արմատացած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։
Մասնակիցները նաեւ առիթը պիտի ունենան այցելելու Լիբանանի Պիպլոս (Ժպէյլ) պատմական քաղաքը, որ համամարդկային արժէք ներկայացնող մշակութային եւ մարդկային ժառանգութեան խորհրդանիշ է։
Օգոստոս 2-ին, Զմմառու Տիրամօր Վանքին մէջ պիտի մատուցուի եզրափակիչ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերեջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, քաղաքացիական եւ կրօնական աշխարհի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու մասնակցութեամբ։
Այս իրադարձութիւնը կը գերազանցէ պարզ երիտասարդական հաւաք մը ըլլալու հանգամանքը․դառնալով նոր վկայութիւն մը, թէ Լիբանանը, հակառակ դժուարութիւններուն, կը շարունակէ ըլլալ առաքելութեան հող, երիտասարդներու յոյսի աղբիւր եւ վայր մը, ուր տարբեր երկիրներէ Եկեղեցւոյ զաւակները կը համախմբուին հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ։
Այս պատճառով, կազմակերպիչ յանձնախումբը սիրով կը հրաւիրէ բոլոր լրատուամիջոցները՝ հեռուստատեսային, ռատիոյի, տպագիր եւ թուային, հետեւելու եւ լուսաբանելու այս կարեւոր իրադարձութիւնը, նպաստելով Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ տարածելու երկրին իսկական պատկերը՝ իբրեւ հանդիպման, երկխօսութեան եւ կեանքի հող։
WAYD 2026-ի Գլխաւոր Ժամադրութիւնները
29 Յուլիս – Անճար
Պատուիրակութիւններու դիմաւորում
Բացման արարողութիւն
30 Յուլիս – Անճար
Հանդիսաւոր բացման Սուրբ Պատարագ
Աշխատանոցներ
Սեմինար-աշխատանոց «Աստուծոյ մէջ արմատացած սիրտ մը»
31 Յուլիս – Անճար
Սեմինար-աշխատանոց․ «Դէպի ուրիշը բաց սիրտ մը»
Համայնքային ծառայութեան գործունէութիւններ
Հայկական մշակոյթին նուիրուած երեկոյ
1 Օգոստոս – Անճար
Սեմինար-աշխատանոց․ «Ինքն իրեն հետ հաշտուած սիրտ մը»
Մարզական/ժամանցային գործունէութիւններ եւ մրցումներ
Այցելութիւն եւ Անճարի տեսարժան վայրերու թանգարանային բացայայտում
Մշակութային երեկոյ
2 Օգոստոս – Հարիսա եւ Զմմառ
Այցելութիւն՝ Հարիսայի Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայր
Լռութեան եւ հոգեւոր խոկումի պահեր
Աղօթքի քայլերթ․ «Լոյսի Ճանապարհ» (շուրջ երկու ժամ)
Այցելութիւն՝ Զմմառու Տիրամօր Վանք
Ուխտագնացութիւն՝ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի հետքերով
Հանդիսաւոր եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին
3 Օգոստոս – Աննայա եւ Պիպլոս (Ժպէյլ)
Այցելութիւն՝ Սուրբ Շարպէլի Վանք (Աննայա)
Աղօթքի եւ խոկումի պահեր
Մշակութային այցելութիւն՝ Պիպլոս (Ժպէյլ) պատմական քաղաքը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.