Որոնել

2021.07.25 Santa Messa nella Giornata mondiale dei nonni e degli anziani

«Ես Երբեք քեզ չեմ մոռնար» (Եսայի 49, 15) - Տարեցներու եւ մեծ մայրերու ու հայրերու Զ. Համաշխարհային Օր

Ցաւօք սրտի, այսօր շատ մը տարեցներ կ’ապրին այնպիսի տեղեր, ուր կը տիրէ կատարեալ առանձնութիւն, կամ խնամատարական հաստատութիւններու մէջ, ուր մարդ անհատը կը վերածուի պարզապէս մահճակալի թիւի կամ հիւանդութեան մը անուանումի մը:
Ունկնդրէ լուրը

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան 

2026-ի 15 Յունիսին, Սուրբ Աթոռը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական պատգամը՝ Յուլիս 26-ին նշուելիք տարեցներու եւ մեծ մայրերու ու հայրերու Զ. Համաշխարհային Օրուան առիթով: Անոր առանցքը կը կազմէ Եսայի Մարգարէի սա խօսքը. «Ես տարբեր եմ, քեզ երբեք չեմ մոռնար»:

Այս յուսադրիչ բառերով, Սրբազան Քահանայապետը ուղղակիօրէն կը դիմէ աշխարհի բոլոր տարեցներուն՝ ներշնչելով անոնց յոյսի, սիրոյ եւ մխիթարութեան պատգամ մը, մանաւանդ այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ երբ առանձնութիւնը, մոռացութեան եւ անտեսութեան զգացումները կը ճնշեն բազմաթիւ տարեցներուն սրտերը: Ապա, կը նշէ, թէ Աստուծոյ սէրը աւելի մեծ է քան մօր մը սէրը իր զաւակին հանդէպ եւ կ’աւելցնէ, թէ ցաւօք սրտի, այսօր շատ մը տարեցներ կ’ապրին այնպիսի տեղեր, ուր կը տիրէ կատարեալ առանձնութիւն, կամ խնամատարական հաստատութիւններու մէջ, ուր մարդ անհատը կը վերածուի պարզապէս մահճակալի թիւի կամ հիւանդութեան մը անուանումի մը:

Մինչ այդ կ’աւելցնէ Լեւոն ԺԴ. Պապը, թէ «Աստուծոյ սէրը, որ ոչ մէկը կը մոռնայ, կը ներկայանայ իբրեւ արդարութեան արարք եւ պատասխան այն անանունութեան, որուն մէջ յաճախ կը կորսուի մարդկային կեանքը»: Ուստի, կոչ կ’ուղղէ երիտասարդներուն. «Այցելեցէ՛ք ձեր մեծ մայրերուն ու մեծ հայրերուն», վերակենդանացնելով տարեցները այցելելու գեղեցիկ սովորութիւնը:

«Թուայնացած (digital) դարաշրջանը կրնայ բազմապատկել կապերը, բայց մարդկային սիրտը միշտ կարիքը ունի ֆիզիքական մօտիկութեան ու ջերմութեան»: Միեւնոյն ատեն Պապը կը քննադատէ այն տնտեսական դրութիւնը, որ հիմնուած է միայն շահի վրայ եւ կը տկարացնէ ընտանեկան կապերը, ինչպէս նաեւ կը յիշէ տարեցները, որոնց զաւակները ստիպուած՝ գաղթած կամ հեռացած են պատերազմի կամ հալածանքի ու աքսորի պատճառով:

Ծերութիւնը՝ իբրեւ հոգեւոր վերածնունդի ժամանակաշրջան Պապական պատգամին երկրորդ բաժինը կ’անդրադառնայ հոգեւոր կեանքի մասին, նկատելով, թէ այսօր՝ անցեալի համեմատութեամբ, շատեր կը ծերանան առանց հաւատքի իրական փորձառութիւն ունենալու: Հետեւաբար, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կ’աւելցնէ, թէ «երբեք ուշ չէ Աստուծոյ դիմելու», ծերութիւնը դարձնելով լաւագոյն առիթը սկսելու կամ վերսկսելու համար հոգեւոր կեանքը»:

Ապա, մէջբերելով Փրանկիսկոս Պապին խօսքը, տարեցները կը կոչէ «նոր ժողովուրդ», քանի որ մարդկութեան պատմութեան մէջ տարեցներու թիւը երբեք այսքան բազմաթիւ չէ եղած: Ուստի, անոնք պէտք չէ վախնան իրենց տկարութենէն կամ խոցելիութենէն, որովհետեւ այս տկարութիւնն է, որ սիրտը կը բանայ փոխադարձ օգնութեան եւ խաղաղութեան: «Ծերութիւնը թէպէտ խաչ է եւ բեռ՝ սակայն դիւրատար կը դառնայ, որովհետեւ Քրիստոս զայն մեզի հետ միասին կը կրէ եւ երբեք մեզ մինակ չի թողուր դժուարութեան մէջ»:

Աղօթք համաշխարհային խաղաղութեան համար

Սրբազան Քահանայապետը, պատգամը փակելով եւ նկատի առնելով ներկայ պատերազմական եւ ընկերային բռնութիւններով լեցուն ժամանակները, կոչ կ’ուղղէ ծերերուն եւ երիտասարդներուն միանալու իրեն՝ աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար, որպէսզի գալիք սերունդները մեծնան ապահով աշխարհի մը մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր տարեցներուն իրենց ամէնօրեայ աղօթքներուն եւ մանաւանդ վարդարանի ամէնօրեայ ջերմեռանդութեան համար, բաշխելով իր առաքելական օրհնութիւնը ամէնուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/07/2026, 08:31