Կազա, հայր Ռոմանելլի. «Փլուզման եզրին ենք»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կազայի Գօտիին մէջ մարդասիրական տագնապը կը շարունակէ ծանրանալ։ Այս մասին կը պատմէ Պաղեստինեան անջատատարածքին մէջ գտնուող միակ կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետ հայր Կապրիէլ Ռոմանելլի, որ կը նկարագրէ գոյատեւման սահմանին հասած իրավիճակ մը։
«ՍԻՐ» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, քահանան կը բացատրէ, թէ նոյնիսկ տեղաշարժերը գրեթէ անհնար դարձած են։
Ժողովրդապետութեան ինքնաշարժները մեծ մասամբ անգործածելի են՝ պահեստամասերու չգոյութեան պատճառով, իսկ գտնուած վառելանիւթը յաճախ որակազուրկ է։ Մէկ լիթր «տիզելը» կրնայ հասնիլ մօտաւորապէս 13 տոլարի, մինչ Գօտիին մէջ կ'օգտագործուին նաեւ վերամշակուած բլաստիկէ ստացուած արհեստական վառելանիւթեր, որոնք վտանգի կ'ենթարկեն ելեկտրածին մեքենաներուն եւ փոխադրամիջոցներուն աշխատանքը։
Խօսուն է նաեւ փոխադրութեան համար գործածուող անասուններու գիներու կտրուկ աճը։ Հայր Ռոմանելլի կը պատմէ, թէ մտադրած էր էշ մը գնել՝ ինքնաշարժներուն փոխարէն, սակայն այսօր անոր արժէքը հասած է շուրջ 50 հազար շէքելի (16-17 հազար տոլար), պատերազմէն առաջ եղած 300-600 տոլարի համեմատ։ Իրավիճակ մը, որ աւելի եւս կը դժուարացնէ հիւանդանոցներ, դպրոցներ, աշխատավայրեր հասնիլը եւ մարդասիրական օգնութիւն բաշխելը՝ ծանրօրէն վնասուած ճանապարհներ ունեցող քաղաքի մը մէջ։
Քանի մը դրական նշաններու շարքին, ժողովրդապետը կը յիշատակէ այն լուրերը, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը նախնական կանաչ լոյս վառած է «Board of Peace»-ի (Խաղաղութեան Խորհուրդի) հետ կապուած միջազգային ուժերու մուտքին համար Ռաֆահի շրջան։ Ռոմանելլիի համար այս մէկը նախնական քայլ մըն է, թէեւ ան կը վերահաստատէ, որ առաջնահերթութիւնը կը մնայ անհրաժեշտ ապրանքներու ապահովումն ու վերակառուցման սկսիլը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.