Որոնել

2026.07.21 XII Assemblea Plenaria della Federazione delle Conferenze dei Vescovi dell’Asia (FABC)

Պատրիարք Մինասեան Ճաքարթայի մէջ. «Ասիոյ Եկեղեցիները ըլլան հաղորդութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ»

Կը մաղթեմ ձեր Համագումարին լիակատար յաջողութիւն իր մտածումներուն մէջ։ Թող Ասիոյ Եկեղեցիները, այս Համագումարի թեմային համաձայն, ըլլան ճշմարիտ կամուրջներ եւ կամուրջ կառուցողներ՝ ոչ միայն եկեղեցական տարբեր աւանդութիւններու, այլեւ Ասիոյ բոլոր ժողովուրդներուն եւ դաւանանքներուն միջեւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ինտոնեզիայի մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Ասիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասերու Դաշնութեան (FABC) ԺԲ. Լիագումար Ժողովը որ սկիզբ առաւ երէկ 20 Յուլիսին եւ կ՛աւարտի 26 Յուլիսին։

Լիագումար Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը, որ այս առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ, որպէս Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդի (CEP) եղբայրական պատուիրակ, վերահաստատեց սինոդականութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան ճանապարհ։

Պատրիարք Մինասեան Ճաքարթայի մէջ. «Ասիոյ Եկեղեցիները ըլլան հաղորդութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ»
Պատրիարք Մինասեան Ճաքարթայի մէջ. «Ասիոյ Եկեղեցիները ըլլան հաղորդութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ»

Իր խօսքին մէջ Պատրիարքը երախտագիտութիւն յայտնեց հրաւէրին համար՝ զայն սեպելով եկեղեցիներու միջեւ «նուէրներու փոխանակման» նշանակալից նշան մը, համահունչ Սինոդականութեան վերջին Սինոդէն ի յայտ եկած արդիւնքներուն։ Ան նաեւ հրաւիրեց հայեացքը ուղղել Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պատմական եւ հոգեւոր կապին վրայ ասիական ցամաքամասին հետ՝ ընդգծելով, թէ անոնք զիրենք մաս կը նկատեն անոր հարուստ մշակութային եւ կրօնական աւանդութեան։

Մինասեան Պատրիարքը հուսկ լուսարձակի տակ առաւ Սինոդի եզրափակիչ փաստաթուղթի երեք հիմնական դրոյթները. «Հոգիին մէջ զրոյց» մեթոտը՝ որպէս համայնական ունկնդրութեան եւ սրբազան զատորոշման միջոց. եկեղեցական կառոյցներու վերափոխման անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնուած թափանցիկութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ. եւ Եկեղեցւոյ միութեան այն ըմբռնումը՝ որպէս «տարբերութեանց ներդաշնակութիւն», որ կարող է արժեւորել տարբեր աւանդութիւնները՝ առանց վնասելու ընդհանրական հաղորդութիւնը։

Պատրիարք Մինասեան Ճաքարթայի մէջ. «Ասիոյ Եկեղեցիները ըլլան հաղորդութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ»
Պատրիարք Մինասեան Ճաքարթայի մէջ. «Ասիոյ Եկեղեցիները ըլլան հաղորդութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ»

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Պատրիարքը բարեմաղթութիւն ուղղեց FABC-ի Համագումարին՝ մաղթելով, որ Ասիոյ Եկեղեցիները ըլլան առաւել եւս «կամուրջներ եւ կամուրջ կառուցողներ»՝ խթանելով երկխօսութիւնը, հաղորդութիւնը եւ խաղաղութիւնը ոչ միայն եկեղեցական տարբեր աւանդութիւններու, այլեւ ասիական ցամաքամասի ժողովուրդներուն եւ դաւանանքներուն միջեւ։

Յայտնենք` որ այսօր` 21 Յուլիսին, Հռոմի ժամով Ժամը 14:00-ին տեղի կ՛ունենայ , Ասիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասերու Դաշնութեան (FABC) ԺԲ. Լիագումար Ժողովի բացման Սուրբ Պատարագը՝ նախագահութեամբ Պոմպէյի վաստակաւոր արքեպիսկոպոս, Սրբազան Պապի յատուկ նուիրակ՝ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/07/2026, 10:28