Քուպա. ԱՄՆ-ի նոր պատժամիջոցներ. Եկեղեցին կը սատարէ բնակչութեան տագնապի պահուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Քուպայի դէմ հաստատուած նոր պատժամիջոցները կը ծանրացնեն արդէն իսկ յոյժ դժուար տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը։ Սահմանափակումները, որոնք յատկապէս կը հարուածեն զբօսաշրջութեան մարզը եւ պետական այլ ռազմավարական գործունէութիւններ, կրնան աւելցնել բնակչութեան օրական դժուարութիւնները, որոնք արդէն իսկ կը տառապին սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելանիւթի պակասէն եւ յաճախակի հոսանքազրկումներէն։
Այս արտակարգ իրավիճակին դիմաց, Կաթողիկէ Եկեղեցին կը նորոգէ երկխօսութեան, համատեղ պատասխանատուութեան եւ հաւաքական բարիքի որոնման իր կոչը։ Քուպացի եպիսկոպոսները կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը՝ ընկերակցելու ամենախոցելի անձերուն՝ աջակցութիւն ցուցաբերելով ընտանիքներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ աղքատներուն։
Քարիթաս Քուպա»-ն եւս կը շարունակէ իր օժանդակութեան գործունէութիւնը՝ մարդասիրական օգնութիւն բաշխելով «Մելիսա» փոթորիկէն տուժած համայնքներուն։ Ինչպէս յիշեցուցած է արքեպիսկոպոս Տիոնիզիօ Կիյերմօ Կարսիա Իպանեեսը, օգնութիւնները կը հասնին հազարաւոր ընտանիքներու՝ առանց քաղաքական կամ կրօնական որեւէ խտրականութեան, թէեւ անոնք բաւարար չեն բոլոր կարիքներուն գոհացում տալու համար։ Եկեղեցին այսպիսով կը վերահաստատէ մօտիկութեան եւ համերաշխութեան իր դերը՝ հրաւիրելով հաւատացեալներուն ապրելու այս դժուարին ժամանակաշրջանը եղբայրութեան եւ յոյսի հոգիով։
Նշենք` որ այսօր նախատեսուած է սպանական «Open Arms» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան «El Astral» նաւուն ժամանումը, որ կը փոխադրէ արեւային ուժանիւթի (լուսաելեկտրական) սարքաւորումներ։ «Rumbo a Cuba» («Ուղղութիւն՝ Քուպա») կնքուած մարդասիրական այս առաքելութիւնը ճամբայ ելած է Մայիսին՝ Պարսելոնայէն, աւելի քան 150 ընկերային, արհեստակցական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու ու միաւորներու աջակցութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.