2026.06.01 Patriarca Elias Hoyek

Լիբանան. Էլիաս Հուայէք Պատրիարքի երանացման արարողութիւնը Տիմանի մէջ

Ծնած 1843-ին եւ 1899-էն մինչեւ 1931 թուականը ծառայած իբրեւ Մարոնիներու պատրիարք՝ Էլիաս Հուայէք կը յիշուի Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սովի տարիներուն իր անխոնջ հովուական եւ մարդասիրական յանձնառութեամբ, ինչպէս նաեւ 1920-ին Մեծն Լիբանանի Պետութեան ստեղծման գործին մէջ իր ունեցած վճռորոշ դերակատարութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան 

Լիբանանի Մարոնի Պատրիարքարանի ամառնային նստավայր Տիմանի մէջ Շաբաթ 25 Յուլիսին տեղի պիտի ունենայ երկրի կրօնական եւ քաղաքացիական պատմութեան ամենակարեւոր դէմքերէն մէկուն՝ Էլիաս Հուայէք պատրիարքի երանացման արարողութիւնը։ Սուրբ Պատարագը պիտի սկսի Հռոմի ժամանակով ժամը 16:00-ին՝ նախագահութեամբ Մարոնիներու Պէշարա Պութրոս Ռայ պատրիարքին, որ նաեւ պիտի արտասանէ քարոզը։

Սրբազան Քահանայապետը պիտի ներկայացնէ Սուրբերու Դատերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ ՝ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, որ ծէսի ընթացքին պիտի ընթերցէ երանացման հրամանագիրը։

Ծնած 1843-ին եւ 1899-էն մինչեւ 1931 թուականը ծառայած իբրեւ Մարոնիներու պատրիարք՝ Էլիաս Հուայէք կը յիշուի Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սովի տարիներուն իր անխոնջ հովուական եւ մարդասիրական յանձնառութեամբ, ինչպէս նաեւ 1920-ին Մեծն Լիբանանի Պետութեան ստեղծման գործին մէջ իր ունեցած վճռորոշ դերակատարութեամբ։

Ան եղած է հիմնադիրը Սուրբ Ընտանիքի Մարոնի Քոյրերու միաբանութեան եւ տարբեր կրօնական համայնքներու միջեւ երկխօսութեան ջատագովը՝ ան կը նկատուի լիբանանեան ազգի հայրերէն մէկը։

Երանացմամբ՝ Եկեղեցին պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հուայէքի հաւատքի վկայութիւնն ու մատուցած ծառայութիւնը, որուն օրինակը կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր մնալ Մարոնի Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ Լիբանանի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/07/2026, 13:10