Բեթղեհէմէն Լեհաստան. ճամբորդութիւն մը՝ մանկութիւնը վերագտնելու համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Բեթղեհէմի Էլիսապէթեան քոյրերուն կողմէ կառավարուած «Խաղաղութեան Տուն» հաստատութեան երեսուն մանուկներ, երկու շաբաթէ աւելի անցուցին Լեհաստան՝ Վիթոշուվ Տոլնիի Այցելութեան Սուրբ Կոյս Մարիամ» ի ժողովրդապետութեան հրաւէրով։ Հակառակ Յորդանանի վրայով կատարուած դժուարին ճամբորդութեան, որ անհրաժեշտ դարձած էր պատերազմին պատճառաւ, փոքրիկները կրցան խաղաղ պահեր ապրիլ՝ հեռու տագնապէն։
Կեցութեան ընթացքին անոնք այցելեցին լեհական տարբեր քաղաքներ, Պալթիք ծովը, Թաթրա լեռները եւ բազմաթիւ տեսարժան վայրեր։ Սակայն ամենամեծ ուրախութիւնը պատճառեցին ամենապարզ փորձառութիւնները՝ առանց վախի քալելը, ծովափին խաղալը, հեծանիւ քշելը եւ անհոգ պահեր կիսելը։
Այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ ծխական համայնքներու, բարերարներու, կրօնական համայնքներու եւ Երուսաղէմի Սուրբ Գերեզմանի Ասպետաց Կարգի համագործակցութեան շնորհիւ՝ հանդիսանալով զօրակցութեան եւ միջ-եկեղեցական եղբայրութեան նշանակալից օրինակ։
Այս մանուկներուն համար ճամբորդութիւնը սովորական արձակուրդ մը չէր, այլ առիթ՝ նոյնիսկ քանի մը օրով վերագտնելու մանկութեան զգացումը եւ խաղաղ ապագայի մը հաւատքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.