Տէր Յիսուսի արձանը Տէր Յիսուսի արձանը 

Տէր Յիսուսի արձանին օծումը՝ Ձիթհանքովի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ

2026 թուականի Յուլիս 22-ին Շիրակի մարզի Ձիթհանքով գիւղին մէջ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած 12 մեթր բարձրութեամբ արձանին օրհնութեան եւ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան հոգեւորականներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Ունկնդրէ լուրը

 2026 թուականի Յուլիս 22-ին Շիրակի մարզի Ձիթհանքով գիւղին մէջ հանդիսաւոր կերպով կատարուեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած 12 մեթր բարձրութեամբ արձանին օրհնութեան եւ օծման արարողութիւնը։ Արարողութիւնը նախագահեց Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեան, ներկայութեամբ գիւղի ժողովրդապետ Արժ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տոմպուրեանի եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու։

Տպաւորիչ արձանը տեղադրուած է Ձիթհանքովի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ ռուսաստանաբնակ, ծնունդով ձիթհանքովցի բարերար Արագած Պապոյեանի հովանաւորութեամբ, իսկ նախաձեռնութեան կազմակերպումը ստանձնած է Վաղինակ Պետրոսեան։

Տէր Յիսուսի արձանի օծումը
Տէր Յիսուսի արձանի օծումը

Նոյն բարերարին աջակցութեամբ նորոգուած է նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ելեկտրամատակարարման համակարգը, բարեկարգուած են եկեղեցւոյ մուտքն ու բակը, եւ տեղադրուած է արտաքին լուսաւորութեան նոր համակարգ։ Եկեղեցւոյ ներքին բարեկարգման եւ նոր երկաթեայ դռներու տեղադրման աշխատանքները իրականացուած են գիւղի մէկ այլ բարերար՝ Ալպերթ Փիլոյեանի հովանաւորութեամբ, որ նոյնպէս ներկայ էր օծման հանդիսաւոր արարողութեան։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը խորին գնահատանք յայտնեց բոլոր բարերարներուն՝ ընդգծելով, թէ անոնց ծառայութիւնը միայն նիւթական ներդրում չէ, այլ նաեւ կենդանի վկայութիւն՝ եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեանքին հանդէպ սիրոյ ու պատասխանատուութեան։ Ան Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները հայցեց անոնց եւ իրենց ընտանիքներուն համար։

Միեւնոյն ժամանակ, Սրբազանը կոչ ուղղեց գիւղի բնակիչներուն շարունակելու աջակցիլ եկեղեցապահպանութեան առաքելութեան՝ օրինակ առնելով այն բոլոր բարերարները, որոնք իրենց նուիրումով կը նպաստեն հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու կառուցման, նորոգման եւ բարեզարդման աշխատանքներուն։ Նշուեցաւ, որ Ձիթհանքովի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բարեզարդման ծրագիրը պիտի շարունակուի նոյն բարերարներու հովանաւորութեամբ։

Օծման արարողութենէն ետք Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեան եւ գիւղի ժողովրդապետը մասնակցեցան նոր արձանին նուիրուած տօնական ճաշկերոյթին եւ համերգային ձեռնարկին, որոնք կազմակերպուած էին գիւղի բնակչութեան նախաձեռնութեամբ՝ օրը վերածելով հաւատքի, երախտագիտութեան եւ համայնքային համախմբման գեղեցիկ տօնախմբութեան։

Աղբիւրը` Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի Դիւան 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/07/2026, 08:15