Հայր Ժագ Համէլի սպանութեան 10րդ տարելիցը. ողբերգութիւն մը, որ ցնցեց քրիստոնեաներն ու մահմետականները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ յարգանքի տուրքեր կը մատուցուին 26 Յուլիս 2016-ին Ժագ Համէլ քահանային իր եկեղեցւոյ մէջ սպանութեան 10-րդ տարելիցին առթիւ:
Կազմակերպուած են արդարեւ միջկրօնական նախաձեռնութիւններ, որոնք կեդրոնացած են քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ փոխադարձ ճանաչողութեան վրայ, ցուցահանդէսներ, աղօթքի եւ բաժնեցկութեան պահեր մասնաւորաբար Սան-Էթիէն-տիւ-Ռուվրէի մէջ:
Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերապ. Ժան-Մարք Աւելինը պիտի նախագահէ Պատարագ մը, որ Կիրակի օրը պիտի սփռուի հանրային հեռուստատեսութեան ալիքներով:
Այս տարելիցին առիթով Մահմետականներու հետ Յարաբերութիւններու Ազգային Ծառայութեան տնօրէն՝ տոմինիկեան հայր Ժան-Ֆրանսուա Պուրի հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ որուն մէջ ան հաստատեց` որ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ երկխօսութիւնը չէ ծնած այս ահաբեկչութենէն ետք, այլ իր արմատները ունի արդէն 1950-ական թուականներուն եւ մեծ թափ ստացած է 11 Սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումներէն ետքը։
Սակայն հայր Համէլի սպանութիւնը վճռորոշ պահ մը ներկայացուց. Մահմետական բազմաթիւ հեղինակութիւններ, նոյնիսկ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ, հրապարակաւ արտայայտեցին իրենց դատապարտութիւնը ահաբեկչութեան հանդէպ եւ իրենց զօրակցութիւնը՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։
Հայր Պուր շեշտեց, թէ շատ մը մահմետականներ այդ ահաբեկչութիւնը ապրեցան իբրեւ խոր ցնցում՝ վճռականապէս մերժելով կրօնի անունով կատարուած բռնութեան որեւէ ձեւ։
Խորհրդանշական քայլեր, ինչպէս ծաղիկներ զետեղելը քահանային գերեզմանին վրայ կամ մահմետական արուեստագէտի մը կողմէ նուիրուած դիմանկարի մը պատրաստութիւնը, նպաստեցին երկու համայնքներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Տասը տարի ետք, հայր Համէլի յիշատակը կը ներկայացնէ նաեւ դաստիարակչական մարտահրաւէր մը նոր սերունդներուն համար, որոնք կրնան այդ դէպքերը ընկալել իբրեւ հեռաւոր իրողութիւններ։
Հայր Պուրիի համար էական է շարունակել փոխադարձ ճանաչումը խթանել՝ խուսափելով ծայրայեղականներու կողմէ գործադրուած արարքներուն համար մահմետականներուն հաւաքական պատասխանատուութիւն վերագրելը։
Կրօնաւորը խօսքը կ՛եզրափակէ կոչ ընելով վերաշխուժացնելու միջկրօնական երկխօսութիւնը. հակառակ ընկերային եւ քաղաքական լարուածութիւններուն, քրիստոնեաներն ու մահմետականները պէտք է շարունակեն հանդիպիլ, զիրար ճանչնալ եւ գործակցիլ, որպէսզի վախն ու կասկածամտութիւնը չյաղթեն համակեցութեան եւ հաշտութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.