Որոնել

Յիսուսի սուրբ սիրտը Յիսուսի սուրբ սիրտը 

«Սրտի Հոգեւոր Նորոգութիւնը՝ Քարեղէնէն Դէպի Մարմնեղէն Սիրտ» Հայր Գէորգ եպիս. Ասատուրեան

Յունիս ամիսը Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրելով՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին հաւատացեալները կը հրաւիրէ անձնական հոգեւոր քննութեան՝ յորդորելով հրաժարիլ փարաւոնի պէս քարացած ու չապաշխարող սիրտէն եւ Դաւիթ Թագաւորի օրինակով դիմել խոնարհ զղջումի։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կաթողիկէ Եկեղեցին Յունիս ամիսը նուիրած է Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութեան։ Այս առթիւ, եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները խորհրդածելու Յիսուսի սուրբ սրտին շուրջ եւ կոչ կ՚ընէ ապաշխարութեան, որպէսզի իրենց սիրտն ալ նմանի Յիսուսի սրտին։
Հին Կտակարանին մէջ յատուկ ու բացառիկ տեղ կը գրաւեն սրտի հոգեւոր վիճակներուն նշումները։ Սակայն պատմական այդ դրուագները լոկ կանխապատկերներն են Նոր Կտակարանի հիմնական ու կեդրոնական վարդապետութեան։ Առաջին հերթին կարելի է յիշել փարաւոնի կարծր սիրտը: Փարաւոնը ականատես եղաւ Տիրոջ հզօր ու մեծամեծ հրաշքներուն, սակայն անոր սիրտը այնքան անդրդուելի ու խստացած էր, որ ան յամառեցաւ եւ մերժեց խոնարհիլ Աստուծոյ կամքին առջեւ եւ հրաժարեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատ արձակելէ։

Փարաւոնի այս կուրութեան դիմաց՝ Հին Կտակարանը մեզի կը պարզէ Դաւիթ Թագաւորի զղջացող սրտի ցայտուն օրինակը։ Չնայած իր գործած ծանր մեղքին, Դաւիթը չփորձեց արդարանալ կամ քօղարկել իր յանցանքը։ Ընդհակառակը, իր հոգիի խորերէն ան կեղեքուած սրտով աղաղակեց առ Աստուած։ «Մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ իմ մէջս, ո՛վ Աստուած, եւ ուղիղ հոգի նորոգէ՛ իմ ներսիդիս»(Սղմ. 51:10):

Հին Ուխտին մէջ օրէնքը գրուած էր քարէ անկենդան տախտակներու վրայ, ինչ որ կը համապատասխանէր ժողովուրդի քարեղէն սրտերուն։ Սակայն կան նաեւ մարգարէութիւնները (յատկապէս Եզեկիէլի եւ Երեմիայի մօտ), որոնք կը նախատեսէին հոգեւոր արմատական փոփոխութեան՝ սրտի նորոգութեամբ։
Քրիստոսով՝ Աստուած իր նոր ժողովուրդը կը հրաւիրէ ըլլալու նորոգուած սիրտ ունեցողներ։ Ասիկա այն աստուածային խոստումին իրականացումն է, զոր Տէրը կանխաւ յայտնած էր մարգարէի բերնով. «Ձեր մէջէն պիտի վերցնեմ քարեղէն սիրտը եւ ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի պարգեւեմ» (Եզկ. 36:26): Այս կը նշանակէ թէ, քրիստոնէութիւնը պարզապէս օրէնքներու հնազանդութիւն չէ, այլ՝ սրտի արմատական վերանորոգում։ Այս հոգեւոր նորոգութեան կարեւորութիւնը աւելի կը շեշտուի, երբ Նոր Կտակարանը մեզ կը զգուշացնէ ապականած սրտի քանի մը յատուկ տեսակներէ: Հպարտ / Ամբարտաւան Սիրտ՝ Գոռոզութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ լեցուն սիրտ մը, որ մարդը կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Կարծրացած Սիրտ՝ սիրտ մը, որ դարձած է յամառ, անզգայ եւ դիմադրող՝ Աստուծոյ խօսքին ու շնորհքին հանդէպ: Խաբեբայ / Նենգաւոր Սիրտ՝ կեղծաւորութեամբ եւ երկմտութեամբ լեցուն վիճակ, որ կը խաբէ թէ՛ ինքզինք եւ թէ՛ ուրիշները:

Չապաշխարող Սիրտ՝ սիրտ մը, որ կը մերժէ ընդունիլ իր սխալները, կը կառչի մեղքին եւ իրմէ կը հեռացնէ փոխուելու հրաւէրը։
Յիսուս Ի՛նք կը հաստատէ այս դառն իրականութիւնը՝ յայտնելով, թէ մարդուն հիմնական խնդիրը սիրտն է.«Որովհետեւ սրտէն կ՚ելլեն չար խորհուրդները, սպանութիւնները, շնութիւնները, պոռնկութիւնները, գողութիւնները, սուտ վկայութիւնները, հայհոյութիւնները» (Մտթ. 15:19):
Ապականած վիճակներուն փոխարէն, մեր Տէրը, Նոր Կտակարանը եւ Եկեղեցւոյ Հայրերը մեզմէ կը պահանջեն սրտի փոփոխութիւն: Կոտրած եւ Խոնարհ Սիրտ՝ Հիմնուած Սաղմոս 51-ին վրայ՝ այս մէկը յատկանշուած է խոնարհութեամբ, մեղքի համար զղջումով եւ Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ խոր գիտակցութեամբ։ Մաքուր Սիրտ՝ սիրտ մը, որ պարզ է եւ զերծ կիրքերէ, ինչ որ թոյլ կու տայ անոր «տեսնել զԱստուած» (Մատթէոս 5:8)։ Փափուկ / Մարմնեղէն Սիրտ՝ ակնարկելով մարգարէական խոստումին՝ ասիկա այն սիրտն է, որ ընկալունակ է, ջերմ եւ հեշտութեամբ կը շարժի Սուրբ Հոգիով։ Անկեղծ եւ Բարի Սիրտ՝ ներշնչուած Քրիստոսի Սերմնացանի Առակէն՝ ասիկա այն արգաւանդ հողն է, որ կը լսէ Աստուծոյ խօսքը, ամուր կը պահէ զայն եւ համբերութեամբ հոգեւոր պտուղ կը բերէ (Ղուկաս 8:15)։

Սիրտ Յիսուսի նուիրուած այս ամիսը պարզապէս կրօնական աւանդութիւն մը չէ, այլ անձնական հոգեւոր քննութեան հրաւէր։ Սուրբ Գիրքը մեզի ցոյց կու տայ, որ մարդու կեանքի ու ընթացքի աղբիւրը իր սիրտն է։ Իսկական քրիստոնէական կեանքը կը սկսի այնտեղ, ուր կը դադրինք արդարացումներ փնտռելէ եւ Դաւիթ Թագաւորի պէս խոնարհութեամբ կը խոստովանինք մեր տկարութիւնները։
Յունիս ամսուան պատգամը յստակ է. դիմել Յիսուսի Սուրբ Սրտին, հրաժարիլ ապականած ու քարացած սիրտէ եւ Աստուծմէ հայցել այդ գերագոյն հրաշքը՝ հոգեւոր սրտի փոխպատուաստումը, որպէսզի մեր ներաշխարհը վերածուի փափուկ, սիրող եւ Աստուծոյ կամքին հանդէպ ընկալունակ «մարմնեղէն» սրտի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 09:32