«Կ’ուզե՞ս Առողջանալ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Անդրադառնալով Յիսուսի Սրտի ջերմեռանդութեան՝ նախորդ խորհրդածութեամբ մատնանշեցի այս գեղեցիկ աւանդութեան սուրբգրային հիմքը, թէ որքա՛ն էական ու առանցքային է Քրիստոսի հետեւորդին համար ունենալ կեանքով բաբախող նոր սիրտ մը։
Ոմանք, խօսելով այս նոր սրտին մասին, զայն կը նկարագրեն իբրեւ բժշկուած սիրտ, որ իր մէջ միայն սէր կը պարփակէ, եւ ուր տեղ չունին ատելութիւնը, քէնն ու վրէժխնդրութիւնը. սիրտ մը, ուր եսասիրութեան մահացու մեղքն ու անոր քանդիչ հետեւանքները այլեւս գոյութիւն չունին։
Հակառակ այն իրականութեան, որ Աստուած միշտ պատրաստ է շնորհք պարգեւելու բոլոր անոնց, որոնք իրմէ կը խնդրեն այս բժշկութիւնը, այսուհանդերձ կը տեսնենք, որ շատեր կը մերժեն Աստուծոյ այդ պարգեւը եւ կը նախընտրեն մնալ իրենց դժբախտութեան մէջ։
Սոյն գծով Ս. Յովհաննէս առաքեալի աւետարանին 5-րդ գլխուն մէջ կը գտնենք դրուագ մը, ուր աւետարանիչը կը պատմէ, թէ «Ոչխարներու Դուռ» կոչուած վայրին մօտ աւազան մը կար, որուն շուրջ բազմաթիւ հիւանդներ կը հաւաքուէին։ Ժամանակ առ ժամանակ Տիրոջ հրեշտակը կ’իջնէր եւ աւազանին ջուրը կը խառնէր. եւ ով որ ջուրի շարժումէն անմիջապէս ետք առաջինը ըլլալով աւազան կ’իջնէր, կը բժշկուէր իր հիւանդութենէն։
Յիսուս հոն կ’երթայ եւ, շրջանցելով միւս բոլոր հիւանդները, իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ երեսունութ տարիէ ի վեր տառապող անդամալոյծի մը վրայ։ «Կ’ուզե՞ս առողջանալ», կը հարցնէ անոր։ Հիւանդին անկեղծ պատասխանը կ’ըլլայ. «Տէ՛ր, մէկը չունիմ, որ երբ ջուրերը խռովին, զիս աւազան իջեցնէ»։ Ապա Յիսուս կը բժշկէ զինք եւ երկու պատուէր կու տայ անոր. «Ե՛լ, մահի՛ճդ առ եւ քալէ՛», իսկ աւելի ուշ՝ «Այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշ բան մը չպատահի քեզի»։
Յիսուսի կողմէ հիւանդութիւնը մեղքի հետ կապելու պահերը հազուագիւտ են, եւ ասիկա այդ բացառիկ դէպքերէն մէկն է։ Այս անդամալոյծը երեսունութ տարի կը տառապէր իր մեղքին պատճառով, մինչդեռ անոր բժշկութիւնը հազիւ քանի մը վայրկեան տեւեց։ Ոմանք այս դէպքը յաւիտենականութեան հետ կապելով կը հարցնեն. «Միթէ կարելի՞ է այս կարճատեւ կեանքին մէջ գործած մեղքերուն պատճառով մարդ յաւիտենական տանջանքի դատապարտուիլ»։ Ս. Յովհան Ոսկեբերան, մեկնելով այս դրուագը, կը պատասխանէ այս հարցումին՝ ըսելով. «Այո՛, ատիկա կարելի է, եթէ անձը չապաշխարէ»։ Այս անդամալոյծը երեսունութ տարիներէ ի վեր կը տառապէր իր մեղքին հետեւանքով, որուն բժշկութիւնը իր մեղքերէն ձերբազատուիլն էր: Մենք ալ շատ յաճախ կը տառապինք եւ կը տառապեցնենք մեր շուրջինները այնպիսի մեղքերու հետեւանքով, որոնք հաճելի կը թուին մեզի։ Եթէ մեզի հարց տրուի՝ «Կ’ուզե՞ս բժշկուիլ», մեր պատասխանը ընդհանրապէս կ’ըլլայ արդարացումներ փնտռել, թէ ինչո՛ւ չենք կրնար բժշկուիլ։ Եւ միշտ պատճառը մեզմէ դուրս գտնուող ազդակ մըն է, որուն «զոհը» կը սեպենք մենք զմեզ։ Անշուշտ, բոլորս ալ կ’ուզենք ազատիլ մեր Ֆիզիկական հիւանդութիւններէն. սակայն մեղքէն՝ որ հիւանդութիւններու հիւանդութիւնն է, յաճախ չենք ուզեր բժշկուիլ։ Հոս է, որ Յիսուս կը զգուշացնէ մեզ՝ ըսելով այն, ինչ որ անդամալոյծին ըսաւ. «Զգո՛յշ եղիր, որ ատկէ աւելի գէշ բան մը չպատահի քեզի»։ Ի՞նչն էր աւելի գէշ բանը, քան երեսունութ տարի անդամալոյծ մնալը՝ Յաւիտենական Մահը։
Յիսուսի Սրտի ջերմեռանդութեան այս օրհնեալ ամսուան ընթացքին, Տէրը մեր մէջ նոր սիրտ մը ստեղծելու նպատակով մեզի ալ կը հարցնէ. «Կ’ուզե՞ս բժշկուիլ»։ Խնդրենք Իրմէ, որ մեր սրտերը Իր Սրտին նմանեցնէ, ուր մեղքը տեղ չունի, եւ ուր միայն սէրը կը թագաւորէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.