«Երանի սրտով մաքուրներուն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Եկեղեցւոյ հայրերը, յատկապէս Ս. Օգոստինոսը եւ Ս. Գրիգոր Նիւսացին, Երանիները դիտած են որպէս հոգեւոր աճի աստիճաններ, ուր Յիսուս կը խօսի քրիստոնեայի կեանքի մէջ տեղի ունեցող հոգեւոր ընթացքի մը մասին: Ս. Գրիգոր Նիւսացին իր «Երանիներու մասին» ճառերուն մէջ կը բացատրէ, որ Երանիները Աստուծոյ պատկերին վերադառնալու ճանապարհն են։ Օրինակի համար «Սրտով մաքուրները», որոնք Աստուած պիտի տեսնեն, այն մարդիկ են, որոնք իրենց ներքին էութիւնը մաքրած են աշխարհիկ կրքերէն: Երբ մարդը կը դառնայ ողորմած, խաղաղարար եւ հեզ, ան կը սկսի արտացոլացնել Աստուծոյ բնութիւնը։ Հետեւաբար հայրերը կը սորվեցնեն, որ Երանիները կոչուած են մաքրելու մարդու սիրտը, քանի որ մեղքը կը սկսի ցանկութենէն, ոչ միայն արարքէն։
Հայ եկեղեցւոյ հայրերը, ինչպէս Ս. Ներսէս Շնորհալին, այս գաղափարը ներառած է իր աղօթքներուն մէջ՝ օրինակ՝ «Հաւատով խոստովանիմ»-ի մէջ: Անոնք Լերան քարոզը միշտ կապած են Սուրբ Հաղորդութեան եւ հոգեւոր վերափոխման հետ՝ համարելով, որ մարդ իր ուժերով չի կրնար հասնիլ այս երանութիւններուն, եթէ ոչ Ս. Հոգիին զօրութեամբ։
Սրտի մաքրութեան գաղափարը քրիստոնէական հոգեւոր կեանքի առանցքն է։ Եկեղեցւոյ հայրերու մեկնաբանութեամբ, «երանի՜ սրտով մաքուրներուն, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 5:8) խօսքը սոսկ բարոյական մաքրութեան մասին չէ, այլ՝ մարդու էութեան հիմնական փոփոխութեան։ Աստուածաշնչեան եւ հայրաբանական աւանդութեան մէջ «սիրտը» մարմնական օրկան մը չէ, այլ մարդու հոգեւոր կեդրոնը: Հետեւաբար, սրտի մաքրութիւնը կը նշանակէ, երբ մարդու մէջ երկմտութիւն չկայ, եւ անոր միակ նպատակը Աստուծոյ կամքը կատարելն է։ Սուրբ հայրերը, յատկապէս Իսահակ Ասորին, սրտի մաքրութիւնը կը կապէ կրքերու (ինչպէս նախանձ, ագահութիւն, զայրոյթ), ցանկասիրութիւն գերակայութենէն ազատուելուն։
Հայրապետական մեկնութիւններուն մէջ սիրտը յաճախ կը համեմատուի հայելիի հետ։ Եթէ հայելին կեղտոտ է, ծածկուած է փոշիով (աշխարհիկ հոգերով եւ մեղքով), ան չի կրնար արտացոլացնել լոյսը։ Սրտի մաքրութիւնը այդ հայելին մաքրելու գործընթացն է, որպէսզի մարդու մէջ Աստուծոյ պատկերը յստակ երեւայ։ Ինչպէս կ’ըսէ Ս. Գրիգոր Նիւսացին, «մաքրելով սրտի աչքը, մարդ կը սկսի տեսնել Աստուած» ոչ թէ ֆիզիկական աչքերով, այլ հոգեւոր տեսողութեամբ։ Սրտի մաքրութիւնը վիճակ մը չէ, որուն մարդ հասնելով՝ կը հանգստանայ։ Անիկա շարունակական գործընթաց է: Ինչպէս տունը մաքրելէ ետք կը շարունակենք խնամել այն, այնպէս ալ սիրտը պէտք է պահպանել չար մտքերու մուտքէն (հսկում մտքի վրայ)։ Սրտի մաքրութեան հասնելու միակ ճանապարհը անդադար զղջումն է՝ ապաշխարութիւնը, որ հայրերը կը կոչեն «ուրախալի սուգ»։ Այս սուգը սիրտը կը լուայ մեղքի աղտէն։
Սրտի մաքրութեան ամենաբարձր դրսեւորումը անշահախնդիր սէրն է։ Մաքուր սիրտ ունեցող մարդը կրնայ սիրել նոյնիսկ իր թշնամիները, որովհետեւ անոր սրտին մէջ տեղ չկայ ինքնասիրութեան կամ վրէժխնդրութեան։ Երբ սիրտը մաքուր է, մարդ կը սկսի տեսնել Աստուած ոչ միայն սուրբ վայրերու մէջ, այլ՝ ամէն մարդու մէջ, յատկապէս՝ կարիքաւորներու եւ տառապողներու։ Այստեղ սրտի մաքրութիւնը կը դառնայ գործնական ողորմածութիւն։ Հայրերը կը զգուշացնեն. եթէ մարդ կարծէ, որ ինք «մաքրուած» է, ան կ’իյնայ ամենավտանգաւոր մեղքի՝ հպարտութեան մէջ, որ կը պղծէ սիրտը աւելի, քան ցանկացած այլ բան։ Այդ պատճառով սրտի մաքրութեան անբաժան ուղեկիցը խորունկ խոնարհութիւնն է՝ ճանաչումը, որ մաքրութիւնը բացառապէս Աստուծոյ շնորհքն է, ոչ թէ մարդկային ջանքի արդիւնք։
Ամփոփելով՝ սրտի մաքրութիւնը «ներքին լռութեան» մէջ Աստուծոյ հետ հանդիպելու կարողութիւնն է։ Անիկա այն վիճակն է, երբ մարդու ամբողջ էութիւնը կը դառնայ «Աստուծոյ բնակարան», եւ անոր արարքները կը դառնան աստուածային սիրոյ արտացոլացում։
Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութեան այս ամսուն աւարտին, մեր հետ առնենք այս խորհրդածութիւնը, որպէսզի մեր սրտերը Յիսուսի սրտին նմանելով, կարենանք Իր անուշ բոյրը ըլլալ աշխարհի մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.