Քոմեչէն մտահոգութիւն Յայտնեց միութենական արտաքսման նոր օրէնքին նկատմամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Եւրոպական Խորհրդարանը վաւերացուց գաղթականներու արտաքսման վերաբերեալ նոր կանոնակարգը՝ 418 «այո», 218 «ոչ» և 30 «ձեռնպահ» քուէներով։ Օրինագիծի որդեգրումը յառաջացուցած է Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասերու Յանձնախումբին (Comece) խոր մտահոգութիւնը։ Յանձնախումբի նախագահ՝ Գերապայծառ Մարիանօ Քրոչիաթայի ստորագրութիւնը կրող պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի մարդկային արժանապատուութեան, հիմնական իրաւունքներու և ընտանեկան միասնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, յատուկ խնամք պահանջելով առաւել խոցելի խաւերուն համար։
Քուէարկութիւնը՝ Սթրասպուրկի Մէջ
Սթրասպուրկի մէջ գումարուած լիագումար նիստի ընթացքին, Եւրոպական Խորհրդարանը կանաչ լոյս վառեց արտաքսման նոր օրէնքին, որ անցաւ Աջակողմեան և Կեդրոնամէտ-Աջակողմեան քաղաքական ուժերու (Ժողովրդական, Պահպանողական, Հայրենասէրներ և Ինքնիշխանականներ) միահամուռ աջակցութեամբ, որոնց միացան նաև ձախակողմեան քանի մը պատգամաւորներ։
Այս բարեփոխումը, որ արդէն իսկ նախնական համաձայնութեան արժանացած էր Խորհրդարանին և Խորհուրդին միջև, կը նախատեսէ․
Գործակցութեան նոր պարտաւորութիւններ այն օտարերկրացիներուն համար, որոնց նկատմամբ արտաքսման որոշում տրուած է։
Կալանաւորման ժամկէտի երկարաձգում մինչև 24 ամիս՝ յատուկ պարագաներու մէջ։
Փոխադարձ ճանաչում ԵՄ անդամ երկիրներու միջև արտաքսման որոշումներուն։
«Արտաքսման կեդրոններու» հիմնում Եւրոպական Միութեան սահմաններէն դուրս՝ երրորդ երկիրներու մէջ։
Եկեղեցւոյ Ահազանգը․ «Գաղթականութիւնը Լոկ Վիճակագրութիւն Չէ»
Քոմեչէի նախագահ Գերապայծառ Քրոչիաթա բացայայտօրէն քննադատած է օրէնքի որոշ դրոյթներ, յայտարարելով․ «Բանտարկութեան պարագաներու ընդլայնումը, իրաւական բողոքարկման սահմանափակումները և պատասխանատուութեան փոխանցումը երրորդ երկիրներուն՝ կը յառաջացնեն լուրջ բարոյական և մարդասիրական հարցականներ»։
«Գաղթականութիւնը պարզապէս դատավարական ընթացակարգ, վիճակագրութիւն կամ սահմաններու կառավարում չէ։ Անիկա կը վերաբերի մարդկային էակներու՝ կիներու, տղամարդոց և երեխաներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի անկողոպտելի արժանապատուութիւն, որ պէտք է ըլլայ ամէն մէկ քաղաքական որոշման կորիզը»։
Յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի նաև Լեւոն ԺԴ Պապին վերջերս կատարած այցելութիւնը Քանարեան Կղզիներ, ուր Սրբազան Քահանայապետը պատգամած էր չանտեսել ծովուն մէջ խեղդուողները, մարդկային առեւտուրի զոհերը կամ պատերազմէն ու չքաւորութենէն փախչողները, քանի որ «անոնք կրնային մեր ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալ»։
Իրաւունք՝ մեկնելու, բայց նաև հայրենիքի մէջ մնալու
Եւրոպացի եպիսկոպոսները կոչ կ'ընեն միջազգային ընտանիքին՝ արմատախիլ ընելու գաղթականութեան պատճառները։ Ըստ իրենց, իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի պաշտպանութիւն փնտռելու, բայց նաեւ իրաւունք ունի չպարտադրուելու լքել իր հայրենիքը պատերազմի, աղքատութեան կամ բնապահպանական տագնապներու պատճառով։ «Այս վճռական պահուն, Եւրոպան կոչուած է ոչ թէ հրաժարելու իր հիմնադիր արժէքներէն, այլ զանոնք վերահաստատելու արիութեամբ, իմաստութեամբ և մարդասիրութեամբ»։
«Յոյսի Մահը»․ Աղօթքի հսկում Հռոմի մէջ
Փախստականներու Համաշխարհային Օրուան (Յունիս 20) ընդառաջ, Սանթ Էճիտիօ (Sant'Egidio) համայնքը՝ այլ մարդասիրական և եկեղեցական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ, Յունիս 18-ին, ժամը 18:30-ին, Հռոմի Սանթա Մարիա ին Թրասթեւերէ պազիլիքային մէջ կը կազմակերպէ «Մեռնիլ Յոյսով» (Morire di Speranza) անուանումով աղօթքի հսկում մը։
Սանթ Էճիտիօ համայնքի տուեալներով՝ այս արարողութեան ընթացքին պիտի յիշատակուին 1990 թուականէն ի վեր Միջերկրական ծովուն կամ ցամաքային ճամբաներով դէպի Եւրոպա գաղթի ընթացքին մահացած կամ կորսուած աւելի քան 77,000 անձեր, որոնց 28,8%-ը վերջին հինգ տարիներուն կազմած են կիներն ու երեխաները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.