2019.04.06 Gesù e l'adultera

Աստուածային փրկարար ծրագիրը՝ մեր սրբութիւնը - Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն

Մեր Տիրոջ միակ փափաքն է, որ Իրեն հետ գործակցինք, որպէսզի իրականացնենք Իր փրկարար ծրագիրը՝ մեր սրբութիւնը: «Այլեւս մի' մեղանչեր», թող ըլլայ նաեւ մեր առօրէական կեանքի կարգախօսը Անոր հանդէպ, որ մեզ «ի սպառ սիրեց» (Յովհաննէս 13, 1):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Թերթատելով սուրբգրային՝ ըլլա'յ Հին կամ Նոր Կտակարանի էջերը, իրազեկ կը դառնանք, թէ ի'նչպէս իր ծրագիրներն ու նպատակները իրականացնելու համար, Աստուած կը հաճոյանայ ընտրել անօրինակ դէմքեր ու անձեր եւ կամ՝ անսովոր պարագաներ:

Բաւարար պիտի ըլլար միայն նկատի առնել Դաւիթ Թագաւորին շնութեան ու մարդասպանութեան դրուագները, յիշել Աստուծոյ երեսէն փախչող Յովնան Մարգարէն ու իր փոքրոգի եւ գձուձ գործելաոճը Աստուծոյ նկատմամբ, Աբրահամի թերահաւատ կինը՝ Սառան, որ հակառակ իր ամլութեան եւ յառաջացած տարիքին՝ Տիրոջ լիակատար կամքով մայր դարձաւ «երկրի բոլոր ազգերուն» (Գիրք Ծննդոց 18, 1-14):

Բազմաթիւ այլ առիթներով, Աստուած յայտնած է Իր Ամենակարողութիւնը՝ մարդկային խեղճութիւնը զօրութեան վերածելով ու մեղաւորները սրբացնելով:

Եւ այսպէս, Աստուած հաւատարիմ Իր ուղեգիծին, կրքոտ ու միաժամանակ ապիկար ձկնորս մը Վէմ դարձուց, որու վրայ պիտի հիմնէր Իր Եկեղեցին (Մատթէոս 16, 18):

Հետագային, Պօղոս Առաքեալ պիտի խոստովանի ինչ որ Տէրը իրեն ըսած է. «Իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեան մէջ» (Բ. Կորնթացիներուն 12, 9), որովհետեւ «ինչ որ Աստուած կ'ուզէ՝ ձեր սրբութիւնն է» (1 Թեսաղոնիկեցիներուն 4, 3 եւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողով, Լոյս Ազգաց-Lumen Gentium 39) :

Եւ այս տկարութիւնը պիտի դառնայ մեծութիւնը վերոնշեալ խեղճուկրակ ձկնորսին, որ իբրեւ առաքեալ՝ առաջինը պիտի ըլլայ դաւանելու Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ Որդին (Մատթէոս 16, 16):

Հետեւանքը պիտի ըլլայ անմիջական, որովհետեւ ի դիմաց այս յախուռն յայտնութեան, Քրիստոս անոր պիտի յանձնէ «Երկինքի Արքայութեան բանալիները» (Մատթէոս 16, 19):

Պարզ խոստումի մը պատկերէն անդին, Քրիստոսի մեծագոյն դրուատիքն է, որ կ'արտայայտուի հո'ս, վերոյիշեալ խօսքերուն մէջ, հանդէպ այս սիրազեղ ու հաւատարիմ եւ նոյնքան ալ պատրաստաբան Գալիլեացի ձկնորսին, որ հակառակ իր բազմաթիւ թերութիւններուն, սայթաքումներուն, անզուսպ արտայայտութիւններուն, նա'մանաւանդ Չարչարանաց գիշերը կատարած երիցս ուրացումներուն, երբ պիտի դրժէ ու ըսէ. «Ձեր ըսած մարդը չեմ ճանչար»  (Մարկոս 14, 71), ասով հանդերձ Քրիստոս պիտի շռայլէ անոր բացառիկ մենաշնորհը Արաքայութեան բանալիները ստանձնելու (Մատթէոս 16, 19):

Միւս կողմէն, Առաքելապետին ապահովութիւնը, թէ Յիսուս զինք անվերապահ սիրով կը սիրէր ու կը պահպանէր յուսալքումէ եւ իրեն յանձնուած պաշտօնին մէջ թերացումէ:

Նա'մանաւանդ, իր կեանքի վերջին տարիներուն, երբ առաջնորդ եղաւ Հռոմի Քրիստոնեաներու հասարակութեան, եւ իր Վարդապետի կոչին հաւատարիմ մնալով՝ իր կեանքը զոհեց հո'ն, սիրայօժար, լիուլի եւ անսակարկ ինքնանուիրումով:

Իր գայթումներով հանդերձ՝ Պետրոս ի վիճակի էր Յիսուսի կողմէ իրեն տրուած յանձնարարութիւնները լիովին կատարել:

Նման այս Առաքեալին, մենք ալ կոչուած ենք Յիսուսի հետեւելու: Հակառակ մեր տկարութիւններուն, թերութիւններուն եւ անհաւատարմութիւններուն՝ մենք եւս, ապաւինելով Աստուծոյ բարեգթութեան եւ անսալով Սուրբ Հոգւոյ ներշնչումներուն, կրնանք մեծամեծ սխրանքներ իրագործել:

Երբ Աստուած ընտրեց այն եռանդոտ, նախանձախնդիր եւ տաքարիւն Պետրոսը, ակնկալութիւնն ունէր, որ այդ ձկնորսը՝ ճանչնալով Յիսուսի աստուածային ինքնութիւնը եւ վստահելով անոր ներողամտութեան վրայ, պիտի կարենար յառաջ տանիլ աստուածային Վարդապետին փրկարար ծրագիրները:

Աստուած, որ մեզմէ իւրաքանչիւրէն եւս ակնկալութիւններ ունի, եւ այնպէս՝ ինչպէս չլքեց Իր Առաքեալը երբ սայթաքեցաւ, այլ՝ շարունակեց անոր վստահիլ, նմանապէս, Իր երեսը չի դարձներ մեզմէ երբ մեղանչենք, այլ՝ կը շարունակէ մեզի առաջարկել իր սրբարար շնորհքը որպէսզի չկորսուինք:

Աստուած մեզ միշտ կը սրտապնդէ այն խօսքերով, զոր ուղղած էր Աւետարանի մեղաւոր կնոջ. «Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր. գնա' եւ այլեւս մի' մեղանչեր» (Յովհաննէս 8, 11):

Մեր Տիրոջ միակ փափաքն է, որ Իրեն հետ գործակցինք, որպէսզի իրականացնենք Իր փրկարար ծրագիրը՝ մեր սրբութիւնը:

«Այլեւս մի' մեղանչեր», թող ըլլայ նաեւ մեր առօրէական կեանքի կարգախօսը Անոր հանդէպ, որ մեզ «ի սպառ սիրեց» (Յովհաննէս 13, 1):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/06/2026, 09:10