Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (92)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւին:

ՂԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւին:

Արդարեւ, Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը մշակուեցաւ եւ վարդապետութիւնը ձեւաւորուեցաւ Ս. Կիւրեղի «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» նշանաւոր բնաբանին վրայ։ Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացի Պատրիարքը բացարձակապէս կը մերժէր Նեստորի ուսուցումը, հիմնուելով Նոր Կտակարանեան ճշմարիտ ուսուցումներուն վրայ և իր դաւանական նշանաւոր տեսակէտը կը պարզէր ծանօթ` իր խտացած ձեւին մէջ. «Մարմնացեալ Բանին մէկ բնութիւն» բանաձեւով: Արդարեւ, մարդեղութիւնը Բանէն անբաժանելի էր: Այս երկու աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները, առանց կորսնցնելու իրենց առանձնայատկութիւնները, կազմեցին մէկ բնութիւն: Նեստորականները Կիւրեղեան բանաձեւումը կ'ըմբռնէին որպէս մարդեղութեան եւ աստուածութեան խառնումը Քրիստոսի մէջ, նոր իրավիճակի մը ծնունդ տալով` ո՛չ աստուածայինը եւ ո՛չ ալ մարդկայինը կը ցոլացնէր:

Այսպէս, պայքարը դարձեալ կը սկսի. Աղեքսանդրիայի Կիւրեղ Եպիսկոպոսը Աթանասի եւ այլ ուղղափառ հայրերու կը պատուիրէ նոր մտքեր չընդունիլ եւ կառչած մնալ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ ուսուցումներուն: Աստուածաբանական վէճերը այնքան կը ծաւալին, որ Նեստորը Քրիստոսի աստուածային և մարդկային բնութիւններու զանազանութիւնը կը հասցնէր այն աստիճանի, որ կը բաժնէր նաեւ Քրիստոսի Անձը, մինչդեռ բնութիւններու զանազանութիւնը երբեք չ'ենթադրեր Քրիստոսի մէկ Անձի բաժանում կամ երկուութիւն:

Այսինքն, «Քրիստոսածին» ըսելով՝ Նեստորն ի նկատի ունէր, որ Մարիամը ծնած է միայն մարդուն, անջատելով մարդկային բնութիւնը Քրիստոսի մէկ անբաժան Անձէն: Ս. Կիւրեղը Նեստորին ուղղած իր նամակին մէջ առաւել ընդարձակ բացատրութիւն կու տայ. «Դաւանելով, որ Բանը միացած է մարմնի հետ ըստ հիպոստազիսի, որ կը նշանակէ Երրորդութեան (Հայր, Որդի և Սուրբ Հոգի) մէջ առկայ է «անձ» կամ «գոյութիւն»։ Այսպէս, «Հիպոստադիք միութիւն» կը նշանակէ երկու բնութիւններու՝ մարդկային և աստուածային միութիւնը Յիսուս Քրիստոսի մէ՛կ անձին մէջ:

Մենք Որդին չենք բաժներ մասերու և չենք առանձնացներ մարդը Աստուծմէ, իբրեւ թէ անոնք միաւորուած ըլլային միայն պատուոյ և հեղինակաւոր միութեամբ, ո՛չ ալ Բան-Քրիստոսին կ'անուանենք Աստուծմէ առանձին և ո՛չ ալ համանման ձեւով կը խօսինք կնոջմէ ծնած մէկ ա՛յլ Քրիստոսի մասին, այլ՝ մենք կը ճանչնանք միայն մէկ Քրիստոս՝ Բանը, որ Հայր Աստուծմէ է՝ Իր սեփական մարմնով։ Դարձեալ, մենք չենք ըսեր, թէ Աստուծոյ Բանը, Ս. Կոյսէն ծնելով, բնակեցաւ սովորական մարդու մէջ. Մենք կը հասկնանք, որ երբ Ան մարմին առաւ, բնակեցաւ Կոյսի մէջ՝ ո՛չ այն նոյն ձեւով, ինչպէս բնակեցաւ Սուրբերու մէջ, այլ՝ նաեւ միաւորուեցաւ բնութեամբ և ո՛չ թէ վերածուեցաւ մարմնի։

Ուրեմն, կայ մէ՛կ Քրիստոս, Որդի և Տէր՝ ո՛չ այն յարաբերութեան պէս, որ մարդկային էակը կարող էր ունենալ Աստուծոյ հետ՝ պատուոյ կամ հեղինակական միութեամբ, որովհետեւ պատուի հաւասարութիւնը չի միացնէր բնութիւնները:

Որովհետեւ Պետրոսը և Յովհաննէսը իրարու հաւասար էին պատուով՝ երկուքն ալ ըլլալով Առաքեալներ և Սուրբ Աշակերտներ, բայց երկուքը մէկ չէին։ Աւելին, մենք անմիջապէս կը մերժենք ''յարաբերութիւն'' հասկացողութիւնը որպէս անպատշաճ՝ միութիւնը արտայայտելու։ Սուրբ Կոյսը ծնաւ զԱստուած մարմնով, այսինքն՝ միացած մարմնին ըստ հիպոսդազիսի, այդ պատճառով մենք զինք կ'անուանենք Թէօթոքոս՝ Աստուածածին։ Եթէ ոեւէ մէկը չի դաւանիր, որ Էմմանուէլը ճշմարտապէս Աստուած է, և ուրեմն, Սուրբ Կոյսը Թէօոդոքոս է (որովհետեւ ան մարմնով ծնաւ Աստուծոյ մարմնացած Բանը), թող նզովեա՛լ ըլլայ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 08:13