Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (91)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութեան Եփեսոսի Տիեզերական ժողովին:

ՂԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութեան Եփեսոսի Տիեզերական ժողովին:

Հայ Եկեղեցին գործնապէս չկրցաւ մասնակցիլ Տիեզերական Գ. ժողովին, սակայն ըստ Կորիւնի եւ Մովսէս Խորենացիի վկայութիւններուն, 435 թուին, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց ժողով գումարած են Աշտիշատի մէջ, նախագահութեամբ Ս. Սահակ հայրապետի, և մասնակցութեամբ Հայ եկեղեցւոյ հայրերուն, քննելով եւ ընդունելով Եփեսոսի ժողովին հեղինակութիւնն ու արդիւնքները` կանոններն ու որոշումները: Արդարեւ, Նեստորականութեան հարցը հետեւեալն էր. Մարիամ, որ Ս. Հոգիով յղացած էր Միածին Որդին, ի՞նչ պէտք էր կոչուէր, Աստուածածի՞ն, թէ՞ մարդածին:Անոնք կ’առարկէին, թէ ինչպէ՛ս կրնար սովորական կին մը Աստուծոյ ծնունդ տալ:

Մոլորեալ Նեստորի ուսուցումէն ի յայտ եկաւ թէ Մարիամ սովորական մահկանացուի մը ծնունդ տուած էր: Այլ խօսքով, ան կը հերքէր Յիսուսի Աստուած ըլլալը: Ան կ՛ըսէր, որ հետագային, երբ Ս. Հոգին եկաւ ու բնակեցաւ Յիսուսի մէջ, ան բարձրացաւ աստուածային աստիճանի եւ դարձաւ Երրորդութեան անձերէն մէկը:

Ուստի կարելի չէր Յիսուսի մայրը Աստուածածին կոչել, այլ մարդածին կամ քրիստոսածին: Այս կերպով, եթէ Յիսուս իբրեւ մարդացեալ Աստուած չէր ծնած, ուրեմն չէր կրնար համայն մարդկութեան մեղքերը քաւել. իշխանութիւն մը, որ միայն Աստուծոյ տրուած էր: Նեստոր կը հաւատար ու կը քարոզէր, թէ Քրիստոսի մասին արձանագրուած աստուածաշնչական վկայութիւնները պէտք էր հասկցուէին հետեւեալ ձեւով. Բանին (Logos-ին) ակնարկող հատուածները աստուածութեան կը վերաբերէին, իսկ մարդուն ակնարկողները` մարդեղութեան: Այլ խօսքով, Քրիստոս պարզ մարդ մըն է, որ աստուածութիւնը ստացաւ: Ան կ՛ըսէր որ Մարիամ իր մէջ չկրեց Աստուծոյ յաւիտենական Բանը, այլ պարզապէս յաւիտենական Բանին մարդկային երեսը` մարդեղութիւնը:

Ան Քրիստոսի մէջ երկու անջատ բնութիւններ կ'ըմբռնէր, նախ՝ մարդկային, ապա աստուածային, այսինքն՝ Քրիստոս եղած է պարզ մարդ մը, որ աստուածութիւն ստացած է: Այսպիսով, «Աստուած ի մարդն բնակեալ է միայն եւ անմասն է ամէն մարդկային բնութեան գործերէ, որով երկու տարբեր անձեր կ'ենթադրէր ի Քրիստոս, եւ մարդեղութիւնը եւ միաւորութիւնը ջնջած կ'ըլլար, փրկագործ տնօրէնութիւնն ալ միայնոյ մարդոյ վերագրելով»։  Այս ըմբռնումին դիմաց, Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 318 հայրապետներուն կողմէ հաստատուած հաւատոյ հանգանակի պատասխանը պարզ էր, որ հիմնուած էր Յովհաննու Աւետարանի խօսքին վրայ. «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ` շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յովհ 1,14): Աստուծոյ մարդանալը արդէն իսկ Եկեղեցւոյ գլխաւոր խորհուրդներէն մէկն էր, որուն մէջ էր փրկագործութեան խորհուրդը:

Աստուած այնքան սիրեց իր ստեղծագործութեան թագն ու պսակը հանդիսացող մարդը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի փրկէ աշխարհը, սրբէ ադամական մեղքը եւ կրկին միացնէ արարածները Արարիչին: Իսկ Աստուածամայրը, այս պարագային, Աստուծոյ կամքին հլու հնազանդ աղախինն էր, միջոցը, որով իրագործուեցաւ տնօրինական, աստուածային ծրագիրը: Հայ Եկեղեցին մեծ յարգանքով կը մեծարէ Ս. Աստուածածնին որպէս բարեխօս մարդկութեան եւ հաւատացեալներու մայր: Հետագային Հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը, Աստուածամօր նուիրուած իրենց աղօթքներով, շարականներով ու տաղերով այս միջնորդութեան պարագան է, որ կը փառաբանեն ու կը մեծարեն: Անոնք կը պաշտպանէին այն տեսակէտը, որ Մարիամ ծնունդ տուած էր կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ Յիսուսը: Հայ Եկեղեցին հանգամանօրէն ընդունեցաւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւը. «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2026, 08:05