Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը՝ Ն.Վ. Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը՝ Ն.Վ. Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին  

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը՝ Ն.Վ. Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Մար Իգնատիոս Բ. Աֆրամին, եւ երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց ներկայութիւնը իրենց պապենական հողերուն վրայ պահպանելու հրամայականը։ Անոնք նաեւ վերահաստատեցին երկու քոյր Եկեղեցիներուն միջեւ համագործակցութեան կամքը՝ ի նպաստ միասնական քրիստոնէական վկայութեան, երկխօսութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2026-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Պատրիարքին ու համայն աշխարհի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիին Ն.Վ. Մար Իգնատիոս Բ. Աֆրամ Հովուապետին։ Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Աթշանէի Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքութեան նստավայրին մէջ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատուիրակութեան անդամներն էին Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոս՝ Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, Պաղտատի եւ շրջակայքի Հայ Կաթողիկէ Թեմի վիճակաւորը՝ Արհի. Հ. Ներսէս Յովսէփ Արքեպս. Զապարեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաջնորդը՝ Արհի. Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Գերյ. Հ. Անտոն Ծ.Վ. Ադամեան, Արժնպտ. Տ. Ռաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեան եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուն՝ Շարպէլ Պասթուրի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ասորի Պատրիարքական Փոխանորդը՝ Գերպծ. Մար Յովսէփ Պալի։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւսիրոյ, յարգանքի եւ եղբայրութեան մթնոլորտին մէջ, ինչ որ կ’արտացոլայ երկու քոյր Եկեղեցիներուն միջեւ պատմական ու հոգեւոր սերտ կապերը։ Ն.Ա. Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին Արեւելքի իրավիճակը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու տագնապները, ինչ որ վտանգաւոր հետեւանքներ կ’ունենան անոնց առաքելութեան ու գոյատեւումին՝ իրենց պապենական հողին վրայ։ Երկու կողմերն ընդգծեցին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը պահպանելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ յոյսի ու դիմադրութեան ոգիին ամրապնդումը այս ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ։

Խօսակիցները նաեւ անդրադարձան եկեղեցական միացեալ հարցերու՝ ընդգծելով համագործակցութեան կամքն եւ նպատակ ունենալով ամրապնդել եկեղեցական կապերը, միասիրտ քրիստոնէական վկայութիւնը եւ երկխօսութեան ու բացուածութեան մշակոյթը։ Անոնք շեշտեցին, թէ Եկեղեցիները կը ձգտին միասնաբար պաշտպանելու մարդկային արժանապատուութիւնը եւ օժանդակել հաւատացեալներուն՝ մնալու համար իրենց երկիրներուն մէջ՝ որպէս խաղաղութեան ու յոյսի վկաներ, ինչպէս եւս՝ հաւատարիմ անդամներ աւետարանական արժէքներուն այս Արեւելքին մէջ, որ կը կրէ համակեցութեան ու եղբայրութեան ոգին։

Հանդիում երկու պատրիարքներուն միջեւ
Հանդիում երկու պատրիարքներուն միջեւ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 10:48