2026.06.22 Raduno in occasione della festa di San Maloyan

Միօրեայ հաւաք` նուիրուած Ս. Մալոյեանի տօնին

Հաւաքը կը միտէր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքին, առաքելութեանը, նահատակութեանն ու սրբադասման ծանօթացումը` դաստիարակչական օգտաշատ գիտելիքներ փոխանցելով` ժամանցի եւ խաղերու ընդմէջէն։
Ունկնդրէ լուրը

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Զմմառու մայրավանքի վարչութեան, համագործակցաբար Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովրդապետութիւններուն, կիրակի 21 Յունիս 2026-ի, առաւօտեան ժամը 9-ին, մայրավանքի Ս.Ի.Մալոյեան ամփիթատրոն ժամանեցին Լիբանանի հայ կաթողիկէ կառոյցներու 125 երիտասարդներ։ Առաջին հերթին երիտասարդները ծանօթացան միմեանց։

Հաւաքը կը միտէր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքին, առաքելութեանը, նահատակութեանն ու սրբադասման ծանօթացումը` դաստիարակչական օգտաշատ գիտելիքներ փոխանցելով` ժամանցի եւ խաղերու ընդմէջէն։

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի տոնը
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի տոնը

Ծանօթացումէն ետք, երիտասարդները մասնակցեցան կիրակնօրեայ Ս. եւ անմահ Պատարագին զոր մատոյց վանահայր՝ գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանը։

Ան՝ իր քարոզին մէջ խրախուսեց երիտասարդները, որ Սուրբին վանքը օրինակ առնելով` ըլլան տիպար քրիստոնեաներ եւ անեղծ պահեն ազգային արժէքները։ Ան խրատեց զիրենք որպէսզի հաստատ կամքով որոշումներ կայացնեն ամբողջական վստահելով Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի։

Պատարագի աւարտին, երիտասարդները խումբերու բաժնուեցան, ուր իւրաքանչիւր խումբ զատորոշուեցաւ միւսէն` գոյնով մը։

Ապա այլազան խաղերով բացայայտուեցաւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի յատկանիշերէն եւ արժանիքներէն մէկը։

Կէսօրին մայրավանքի պուրակին մէջ պատրաստուած ճաշկերոյթին յաջորդեց մրցոյթներու շարքը։

Երեկոյեան ժամը 5-ին, դարձեալ ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւն։ Անոնք մտածական-աղօթքներով եւ հոգեւոր տաղերով փառաբանեցին զԱստուած երկրպագելով Անոր սուրբ Մարմնոյն առջեւ։

Ամբողջ օրը մայրավանքին մէջ կը թեւածէր Մալոյեանի շունչն ու հոգեւոր ներկայութիւնը։ Անոնք Մալոյեանական ոգիով լիցքաւորուած մեկնեցան սրբավայրէն կրկին հանդիպելու հեռանկարով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/06/2026, 07:52