Պարսելլոնայի Սուրբ Ընտանիքի մայր տաճարը Պարսելլոնայի Սուրբ Ընտանիքի մայր տաճարը 

Լեւոն ԺԴ. Պապին Սպանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ի տես Եկեղեցւոյ վիճակագրական պատկերը թիւերու լոյսին տակ

Վատիկանի հրապարակած պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան, որ Սպանիոյ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ աւելի քան 93%-ը, կը հանդիսանայ մկրտուած կաթողիկէ, որոնց հոգեւոր ու հովուական կարիքները կը հոգան աւելի քան 22 հազար ծուխեր եւ 18 հազարէ աւելի քահանաներ։ Ասոր կողքին, Եկեղեցին երկրին մէջ ունի կրթական ու ընկերային հսկայածաւալ ցանց մը, որ կը ներառէ աւելի քան 1,4 միլիոն աշակերտ հաշուող դպրոցներ ու համալսարաններ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հիւանդանոցներ, տարեցներու տուներ եւ խնամակալական հաստատութիւններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապին Սպանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընդառաջ, Վատիկանի վիճակագրական գրասենեակը հրապարակած է երկրի կրօնական, կրթական եւ ընկերային պատկերը ներկայացնող պաշտօնական տուեալները՝ արձանագրուած 31 Դեկտեմբեր 2024-ի դրութեամբ։ Այս տուեալները ցոյց կու տան Սպանիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ունեցած խոր արմատներն ու հովուական հսկայածաւալ գործունէութիւնը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած վիճակագրական հիմնական ցուցանիշները․

1. Բնակչութիւն եւ եկեղեցական կառոյց

Սպանիոյ հոգեւոր աշխարհագրութիւնը կը յատկանշուի կաթողիկէ հաւատացեալներու բարձր տոկոսով։ 505.992 քառ․ քիլոմեթր տարածքի վրայ, ուր բնակչութեան խտութիւնը կը կազմէ 96 բնակիչ մէկ քառ․ քիլոմեթրի վրայ, կաթողիկէներու թիւը կը հասնի բացարձակ մեծամասնութեան։

Ընդհանուր բնակչութիւն: 48.620.000

Մկրտուած կաթողիկէներ: 45.336.000 (բնակչութեան 93,25%-ը)

Եկեղեցական թեմեր ։ 71

Ծուխեր : 22.788

Հովուական այլ կեդրոններ: 4.137

Միջին հաշուով կաթողիկէներու թիւը իւրաքանչիւր հովուական կեդրոնի համար: 1.684

2. Առաքելական Գործունէութեան Լծուած անձնակազմ

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յառաջ կը տարուի հոգեւորականներու, կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու հոծ բանակի մը միջոցով․

Եպիսկոպոսներ: 130

Թեմական քահանաներ: 12.461

Կրօնաւոր քահանաներ: 5.652

Քահանաներու ընդհանուր թիւ: 18.113

Սարկաւագներ: 601

Ուխտեալ կրօնաւորներ (ոչ քահանայ): 2.435

Ուխտեալ կրօնաւորուհիներ (քոյրեր): 32.996

Աշխարհիկ հաստատութիւններու անդամներ: 1.588

Աշխարհական առաքելութիւններ (միսիոնարներ): 96

Քրիստոնէականի դասատուներ: 80.637

3. Քահանայական Կոչումներ

Ապագայ հոգեւորականներու պատրաստութեան գծով արձանագրուած են հետեւեալ թիւերը․

Փոքր ընծայարանի (ժառանգաւորաց) ուսանողներ: 595

Մեծ ընծայարանի (դպրեվանքի) ուսանողներ: 1.343

4. Կրթական Հաստատութիւններ

Եկեղեցին Սպանիոյ մէջ ունի կրթական հսկայական ցանց՝ մանկապարտէզներէն մինչեւ համալսարաններ, ուր կ՚ուսանին աւելի քան 1,4 միլիոն աշակերտներ եւ տեսուչներ․

Դպրոցներ եւ հաստատութիւններ․

Մանկապարտէզներ եւ նախակրթարաններ: 3.773

Միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններ: 1.885

Բարձրագոյն հաստատութիւններ եւ համալսարաններ: 104

Աշակերտներու եւ ուսանողներու թիւ․

Մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու մէջ: 726.856

Միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ: 549.013

Բարձրագոյն հաստատութիւններու եւ համալսարաններու մէջ: 158.709

5. Բարեգործական եւ ընկերային կեդրոններ

Կրթական առաքելութեան կողքին, Եկեղեցին կը հանդիսանայ ընկերային աջակցութեան եւ խնամատարութեան հիմնական սիւներէն մէկը երկրին մէջ․

Հիւանդանոցներ: 58

Դարմանատուներ 51

Տարեցներու, հաշմանդամներու եւ յատուկ կարիքներով անձանց տուներ: 848

Որբանոցներ եւ մսուրներ: 660

Ընտանեկան խորհրդատուութեան կեդրոններ: 226

Ընկերային վերադաստիարակման յատուկ կեդրոններ: 197

Այլ մարդասիրական եւ խնամակալական հաստատութիւններ: 3.051

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2026, 11:12