Ժընեւի մէջ ստորագրուած է համատեղ յայտարարութիւն մը՝ պատերազմի մէջ արհեստական բանականութեան կիրարկման դէմ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ժընեւի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի զինաթափման հարցերով ժողովի պատշգամէն, 226 հասարակական կազմակերպութիւններ, եկեղեցական մարմիններ եւ ոլորտի մասնագէտներ, որոնց շարքին է նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ), ստորագրած են համատեղ յայտարարագիր մը: Փաստաթուղթը կոչ կ՚ընէ արհեստական բանականութեան (ԱԲ - AI) արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններուն եւ պետութիւններուն՝ անմիջապէս դադրեցնելու ռազմական ոլորտին մէջ սպանութիւններու ծրագրաւորման համար նախատեսուած համակարգերու մատակարարումը։
Մարդկային պատասխանատուութեան կորուստ եւ անմարդկային հետեւանքներ
Յայտարարութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ պատերազմներու մէջ արհեստական բանականութեան եւ լեզուական մեծ մոտելներու (LLM) կիրարկումը կը վերածուի զանգուածային ու արագ սպանութիւններու գործիքի: Ըստ ստորագրող կողմերուն՝ այս արհեստագիտութիւնը կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, ինչպէս են՝ տարբերակումը, համաչափութիւնն ու նախազգուշացումը:
«Կեանքի կամ մահուան որոշումները չեն կրնար վերածուիլ համակարգչային պարզ հարցումներու», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, ուր կը շեշտուի, որ համակարգերու առաջարկած տուեալներուն կուրօրէն վստահիլը կը նուազեցնէ մարդկային գիտակից հսկողութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, ինչ որ կրնայ ծածկել պատերազմական ոճիրները «ալկորիթմային անաչառութեան» քօղի տակ:
Յստակ պահանջներ՝ ընկերութիւններուն եւ պետութիւններուն
Միջազգային այս կոչը կը զուգադիպի Վատիկանի կողմէ յղուած վերջին պատգամներուն, ուր Լեւոն ԺԴ Պապը իր նորագոյն շրջաբերականով դատապարտած էր ԱԲ-ի ռազմականացումը:
Յայտարարագիրը հանդէս կու գայ հետեւեալ յստակ պահանջներով.
Արտադրող ընկերութիւններուն. Հրաժարիլ այնպիսի պայմանագիրներէ, որոնք կապուած են միջազգային իրաւունքի եւ մարդկային իրաւանց խախտումներու հաւանականութեան հետ:
Պետութիւններուն. Անմիջապէս դադրեցնել ռազմական թիրախաւորման գործընթացներուն մէջ ԱԲ-ի կիրարկումը եւ ապահովել լիակատար թափանցիկութիւն հակամարտութիւններու ընթացքին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.