Որոնել

Կազա. Կարդինալ Փիցապալլա եւ Թէոֆիլոս Գ Պատրիարք Կազա. Կարդինալ Փիցապալլա եւ Թէոֆիլոս Գ Պատրիարք 

Կազա. Կարդինալ Փիցապալլա եւ Թէոֆիլոս Գ. նոր հովուական այցելութեամբ՝ պատերազմի վէրքերը դարմանելու համար

Երուսաղէմի լատին պատրիարք կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիզապալլան եւ յոյն ուղղափառ պատրիարք Թէոֆիլոս Գ. հովուական այցելութեամբ հասան Կազա՝ աղօթքով եւ մխիթարութեամբ զօրակցելու պատերազմէն տուժած բնակչութեան եւ վերահաստատելու Եկեղեցիներուն մարդասիրական յանձնառութիւնը։ Սուրբ Ընտանիքի ծուխին մէջ անոնք ջերմ ընդունելութեան արժանացան եւ կրկին խաղաղութեան ու հաշտեցման կոչ ուղղեցին Սուրբ Երկրին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պատերազմին պատճառած աւերներուն եւ մարդկային խոր ցաւերուն մէջ, Յունիս 22-ին Երուսաղէմի լատին պատրիարք կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան եւ Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ պատրիարք Թէոֆիլոս Գ. հասան Կազա՝ նոր հովուական այցելութեան մը համար, նպատակ ունենալով մխիթարել եւ յոյս ներշնչել պատերազմէն տուժած հազարաւոր ընտանիքներուն։

Պատրիարքները ընկերակցուած էին Մալթայի Իշխանական Զինուորական Միաբանութեան մեծ հիւանդապահ Ժոզէֆ Պլոցին եւ «Malteser International» մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն։ Այցելութիւնը կը խորհրդանշէ Երուսաղէմի Եկեղեցիներուն հովուական պատասխանատուութիւնը ոչ միայն տեղական քրիստոնէական համայնքներուն, այլեւ ամբողջ Կազայի բնակչութեան նկատմամբ։

Աղօթքի եւ մխիթարութեան ներկայութիւն

Երուսաղէմի լատին պատրիարքարանին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, որ պատերազմը շարունակ կը պատճառէ վախ, կորուստ եւ անորոշութիւն, սակայն աղօթքն ու հաւատքը կը շարունակեն յոյս ներշնչել։ Պատրիարքներուն ներկայութիւնը կը փոխանցէ Երուսաղէմի աղօթքը բոլոր տառապողներուն՝ որպէս մխիթարութեան, ողորմութեան եւ աւետարանական վկայութեան նշան։

Հանդիպումներ տուժած ընտանիքներուն հետ

Պաշտօնական ծրագիրին համաձայն, Փիցապալլան եւ Թէոֆիլոս Գ. կը հանդիպին հոգեւորականներու, կրօնական համայնքներու անդամներու, տեղացի քրիստոնէական ընտանիքներու եւ մարդասիրական ճգնաժամէն տուժած անձերու հետ։ Անոնք կը վերահաստատեն նաեւ Եկեղեցիներուն յանձնառութիւնը առողջապահական ծառայութիւններու, մարդասիրական օգնութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան նկատմամբ։

Ջերմ ընդունելութիւն Սուրբ Ընտանիքի ծուխին մէջ

Կազայի միակ լատինական՝ Սուրբ Ընտանիքի ծուխին մուտքին, երկու պատրիարքները դիմաւորուեցան հաւատացեալներու ծափողջոյններով եւ երեխաներու ուրախ բացագանչութիւններով։ Ծուխի հովիւ Հայր Կապրիէլ Ռոմանելլիի առաջնորդած աղօթքէն ետք, կարդինալ Փիցապալլան իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ կրկին տեսնելով ոչ միայն համայնքի անդամները, այլեւ այդ տառապեալ քաղաքին բնակիչները։ Ան ընդգծեց, թէ հակառակ դժուար պայմաններուն, Կազան կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ Եկեղեցիներուն համար։

Շարունակական մօտեցում եւ համերաշխութիւն

Կարդինալ Փիցապալլան արդէն 2025-ի Դեկտեմբերին այցելած էր Կազա եւ Սուրբ Ծննդեան Սուրբ Պատարագը նախապէս նշած Սուրբ Ընտանիքի ծուխին մէջ։ Իսկ անցեալ տարուան Յուլիս 17-ի իսրայէլեան հարուածէն ետք, որ խլեց երեք մարդու կեանք եւ վիրաւորեց տասնմէկ ուրիշներ, Փիցապալլան եւ Թէոֆիլոս Գ. միասին այցելած էին Կազա՝ զոհերու ընտանիքներուն եւ տեղահանուածներուն իրենց համերաշխութիւնը յայտնելու համար։

Այդ պատմական՝ պատերազմական օրերու ընթացքին կատարուած առաջին միջեկեղեցական այցելութեան ժամանակ, երկու պատրիարքները միջազգային ղեկավարներուն կոչ ուղղած էին՝ դադրեցնելու պատերազմը եւ սկսելու ապաքինման ու հաշտեցման ուղին ամբողջ Սուրբ Երկրին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/06/2026, 07:59