Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցւոյ մէջ աղօթք Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցւոյ մէջ աղօթք  (@Vatican Media)

Հռոմի թեմը կը նշէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան Պազիլիքային մէջ

Հռոմի թեմը պատրաստ է մեծ շուքով նշելու Քրիստոսի Ամենասուրբ Մարմնոյ եւ Արեան հանդիսաւոր տօնը՝ Սուրբ Պատարագով եւ աւանդական Սուրբ Հաղորդութեան թափօրով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ կիրակի՝ յունիս 7-ին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Հռոմի թեմի Քահանայապետական փոխանորդ, Կարդինալ Պալտասարրէ Ռէյնան պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագը Լատերանեան Սամ Ճովաննի Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութեան պիտի նախորդէ Վարդարանի աղօթքը, իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ թեմի երգչախումբը՝ գերապայծառ Մարքօ Ֆրիզինայի ղեկավարութեամբ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին պիտի մեկնարկէ հանդիսաւոր թափօրը, որ անցնելով Վիալէ Քարլօ Ֆելիչէ պողոտան, պիտի ուղղուի դէպի Սանթա Քրոչէ ին Ճերուզալեմէ Պազիլիքան, որուն առջեւի հրապարակին վրայ ալ պիտի տրուի վերջնական օրհնութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. Պապի հրաւէրը

Անցեալ չորեքշաբթի՝ յունիս 3-ին տեղի ունեցած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը, իտալախօս ուխտաւորներուն ու հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, յորդորած էր խանդավառութեամբ մասնակցիլ այս տօնակատարութեան.

«Այս շաբաթ կը տօնենք Քրիստոսի Ամենասուրբ Մարմնոյ եւ Արեան, կամ աւելի ծանօթ լատիներէնով՝ Քորփուս Տոմինիի տօնը։ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մենք կը խորհրդածենք Յիսուսի՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար բեկանուած եւ տրուած հացին շուրջ։ Այս ժողովրդական բարեպաշտութեան վառ արտայայտութիւնն են Սուրբ Հաղորդութեամբ թափօրները, որոնք տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ քաղաքներու փողոցներուն մէջ։ Այս առթիւ, կը քաջալերեմ վառ պահել հաւատքի հրապարակային վկայութեան այս գեղեցիկ աւանդութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/06/2026, 14:15