Պատմական ակնարկ Մոնսեռաթի Տիրամօր մասին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Մոնսեռաթի Սուրբ Մարիամ Աբբայութիւնը կը գտնուի քաթալոնական լեռներուն վրայ՝ 720 մեթր բարձրութեան վրայ։ Հիմնադրուած ըլլալով մօտաւորապէս 1000 թուականին, ներկայ համալիրը կը միացնէ տարբեր դարաշրջաններու կառոյցներ՝ 12րդ դարու հռոմէական դարպասէն մինչեւ 16րդ դարու պազիլիքան, որ հիմնովին վերակառուցուած է 19րդ դարուն՝ նափոլէոնեան պատերազմներու աւերածութիւններէն ետք։ Այսօր կը հիւրընկալէ մօտ 70 պենետիկտեան վանականներ։
Ըստ աւանդութեան՝ տակաւին 880 թուականին հովիւները, երկնային լոյսերու եւ երգեցողութեան հետեւելով, լերան քարանձաւին մէջ գտան Տիրամօր արձանը, ուր, որ հիմնադրուեցաւ Մոնսեռաթի Վանքը։
Աստուածամօր Աջ Ձեռքը կը պահէ տիեզերքը խորհրդանշող ոսկեզօծ գունդ։ Ուխտաւորները կը մօտենան, կը համբուրեն կամ կը հպին այդ ձեռքին՝ հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնն ու բժշկութիւնը։
11 Սեպտեմբեր 1881ին, Լեւոն ԺԳ. Պապը Մոնսեռաթի Տիրամայրը հռչակեց Քաթալոնիոյ Պաշտպան Սուրբ։
Լեւոն ԺԴ․ Պապէն առաջ հոն ուխտագնացութիւն կատարած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը՝ 7 Նոյեմբեր 1982ին։
Մինչդեռ Ֆրանչիսկոս Պապը 7 Հոկտեմբեր 2023ին Մոնսեռաթի Տիրամօր նուիրած է Ոսկէ Վարդը։ Այս նուիրատուութիւնը տեղի ունեցած է Վատիկանի մէջ՝ Մոնսեռաթի Աստուածամօր Եղբայրութեան 800-ամեակին առթիւ 800 քաթալոնացի ուխտաւորներու հետ հանդիպման ծիրէն ներս:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.